Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախութեան 27-ամեակի Տօնակատարութիւն Հալէպի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք
Կազմակերպութեամբ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեանի, Ուրբաթ, 21 Սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, հիւպատոսութեան կառոյցէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՀ վերանկախութեան 27-ամեակի տօնակատարութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։
 
Տօնակատարութեան ներկայ էին ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, ՀՀ Սուրիոյ դեսպան Փրօֆ. Արշակ Փօլատեան, Հալէպի նահանգապետը, Պաաս Կուսակցութեան Հալէպի առաջին քարտուղարը, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, հալէպահայ համայնքապետներ, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու ներկայացուցչներ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութիւնը եւ մեծաթիւ հրաւիրեալներ:
Բացման խօսքով Գեղանի Պագգալեան-Յարութիւնեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհաւորելով ՀՀ վերանկախացման 27-ամեակը՝ տօնակատարութիւնը բաց յայտարարեց:
 
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, որ ըսաւ. «27 տարի առաջ Հայաստանի ժողովուրդը կատարեց պատմական իր ընտրութիւնը եւ Հայաստանի ներկայ տարածքին վրայ հռչակեց Հայաստանի անկախ պետականութիւնը, այսպիսով արտայայտելով ազատ ու անկախ ապրելու իր կամքն ու համայն հայութեան օրրան կառուցելու իր վճռականութիւնը:
 
«Այդ օրուընէ անցած է 27 երկար տարի: Մեր պետութիւնը անցնելով բազում փորձութիւններու ընդմէջէն աշխարհին ներկայացած է որպէս յուսալի եւ վստահելի գործընկեր, որպէս միջազգային իր պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները յարգող եւ կատարող, իր պապերու սուրբ հողին վրայ ստեղծագործ աշխատանքով ապրող միջազգային ընտանիքի լիիրաւ անդամ: Մեզի հետ հաշիւի կը նստին աշխարհի իւրաքանչիւր անկիւնի մէջ, մեր երկիրը կ՛այցելեն հազարաւոր զբօսաղրջիկներ, մեր մշակոյթն ու պատմութիւնը կ՛ուսումնասիրեն աշխարհի ամենահեղինակաւոր համալսարաններուն եւ կրթօճախներուն մէջ»:
 
Ապա գլխաւոր հիւպատոսը անդրադարձաւ Սուրիոյ հայ համայնքի դերին ու Սուրիական Հայրենիքի բարգաւաճման բերած նպաստին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ ժողովուրդին եւ նախագահ Պաշշար ալ Ասատին՝ սուրիահայութեան իրենց ցուցաբերած ջերմ վերաբերմունքին համար, ապա անդրադարձաւ հայ-սուրիական յարաբերութեան ու անոր զարգացման կարելիութիւններուն:
 
Գլխաւոր հիւպատոսը ըսաւ, որ մենք երախտապարտ ենք Սուրիոյ ժողովուրդին, մեր ազգը ոչնչացնելու օսմանեան նկրտումներուն դէմ հայ ժողովուրդին ցուցաբերած մարդկային ջերմ վերաբերմունքին համար: Հայ ժողովուրդին ամենամեծ սրբավայրը Տէր Զօրն է: Պատմութեան փոշին անզօր է ոչնչացնելու մեր հաւաքական յիշողութիւնը: Այս գիտակցութեամբ ալ Սուրիոյ մէջ ՀՀ դիւանագիտական գրասենեակները պատերազմի տարիներուն չփակեցին իրենց դռները, իսկ Հայաստան մարդասիրական օժանդակութիւններ ուղարկեց Սուրիա՝ Սուրիան վերականգնած տեսնելու յոյսով:
 
Ապա ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը իր սրտին խօսքը արտասանեց: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց այս գեղեցիկ համախմբումին համար՝ հազարամեայ պատմութիւն ունեցող հայ ժողովուրդի երրորդ հանրապետութեան ծննդեան տարեդարձը տօնելու:
«27 տարեկան է Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ շատ խորհրդանշական է, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարը՝ ես, մեր պետութեան ծննդեան տարեդարձը տօնելու համար կը գտնուիմ Սփիւռքի Մայր գաղութ՝ ձեզի հետ միասին յիշատակելու այս տօնը: Շուրջ 6 դար անկախ հայրենիք ունենալու երազանք ունեցող մեր պապերը 20-րդ դարու սկիզբը, հերոսական պայքարի գնով, իրենց կեանքին գնով, Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի հերոսամարտերով յաջոցեցան կրկին նուաճել Հայոց պետականութիւնը: Նոյն ձեւով մեր նախնիները, մեր հայրերը 1990-ականներուն յաջողեցան հերոսական պայքարով, կրկին կեանքի գնով վերանուաճել Հայոց պետականութիւնը, որ այսօր 27 տարեկան դարձած է:
 
«27 տարի անց, Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացին վերանուաճեց իր հպարտութիւնը, երկրէն ներս իրականացնելով, աննախադէպ, ոչ բռնի, թաւշեայ յեղափոխութիւն: Ես ինծի հետ միասին ձեզի բերած եմ Հայաստանի Հանրապետութեան ջերմութիւնը, սէրն ու բարեմաղթութիւնները»:
 
Ապա ան հայ ժողովուրդի երախտագիտութիւնը յայտնեց Սուրիոյ եղբայր ժողովուրդին եւ անոր նախագահ Պաշշար ալ Ասատին ու խօսքը ուղղելով Սուրիոյ պետութեան ղեկավարութեան՝ ըսաւ.
«Ես, հայ ժողովուրդին անունով, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Սուրիոյ ղեկավարութեան եւ նախագահին, հայ համայնքին հանդէպ դարեր շարունակ ցուցաբերուած լաւ վերաբերմունքին համար, որովհետեւ հայութիւնը Սուրիոյ մէջ կայք հաստատած է դարերէ ի վեր եւ մշտապէս արժանացած է Սուրիոյ ժողովուրդին ու պետութեան սիրոյն եւ յարգանքին: Սուրիահայերը որպէս շնորհակալութեան արտայայտութիւն եղած են սուրիական հասարակութեան լիիրաւ անդամներ՝ դառնալով ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Սուրիոյ հպարտութիւնը: Մեր հայրենակիցները ոչ միայն ապաստան գտան Սուրիոյ մէջ, այլ ունեցան կարելիութիւն ապրելու, արարելու եւ ստեղծագործելու այս երկրին մէջ:
«Սիրելի՛ սուրիահայեր, դո՛ւք էք խորհրդանիշը երկկողմանի եղբայրական մեր յարաբերութիւններուն»:
Նախարարը եզրափակելով շնորհաւորեց մեր ժողովուրդին անկախութեան տօնը:
 
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ ՀԵԸ-ի լարային քառեակը՝ դասական երաժշտութեամբ ջերմացնելով մթնոլորտը:
 
Աւարտին տեղի ունեցաւ ՀՀ վերանկախութեան 27-ամեակին նուիրուած կարկանդակին հատումը: