«Խրիմեան Հայրիկ» Ներկայացումին Հասոյթը Ծառայած է Զինծառայողներու Համար Առաջին Բուժօգնութեան Սարքերու Ձեռքբերումին

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ Ստեփանակերտի Վ. Փափազեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնի համագործակցութեամբ՝ մայրաքաղաքի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատի փոքր դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է ամերիկահայ բեմադրիչ, թատերագիր եւ դերասան Հրանդ Մարգարեանի «Խրիմեան Հայրիկ» ներկայացումը:

Գեղարուեստական հետաքրքրական բովանդակութեամբ բեմադրուած ներկայացման թիկունքին էին ԱՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ն. Աղաբալեանը, ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լ. Յովհաննիսեանը, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, դերասաններ եւ ուսանողներ:

Թատերականացուած ներկայացման մէջ` թրքական իշխանութեան ճնշումներն ու հետապնդումները, կեանքին սպառնացող ամենօրեայ վտանգը չէին ընկճեր ըմբոստ հոգեւորականը: Իր ժողովուրդէն «Հայրիկ» բարի անունը վաստակած հոգեւորականը կ՝աղօթէր եւ ամէն տեղ կը քարոզէր, որպէսզի ազգակիցները զէնք վերցնեն ու պաշտպանեն հայրենիքը: Զէնքին դիմելու անոր առաջին արտայայտութիւնը «Երկաթէ շերեփն» է, որմով կոչ կ՝ընէր հայ ազգին միաւորուելու եւ համախմբուելու, որպէսզի չենթարկուին հալածանքներու եւ կոտորածներու: Մինչեւ կեանքի վերջին օրը ենթարկուելով բազում տանջանքներու եւ տառապանքներու` Խրիմեան Հայրիկ պայքարեցաւ ազատ ու ապահով հայրենիք ունենալու համար:

Վանեցի հոգեւորականի կերպարը մարմնաւորող դերասանը առաջին անգամն է կը ներկայանայ Արցախի թատերասէր հասարակութեան, սակայն «Խրիմեան Հայրիկ» ներկայացումը հեղինակը բազմաթիւ անգամ բեմադրած է  Հայաստանի, աշխարհի տարբեր երկիրներու եւ հայաշատ քաղաքներու մէջ: Այդ ներկայացումներէն գոյացած հասոյթը ամբողջութեամբ ծառայած է յատուկ նախաձեռնութեան`  Պաշտպանութեան բանակի առաջնագիծին կանգնած զինծառայողներու համար ապահովուած է առաջին բուժօգնութեան սարքէր:

Ամերիկահայ թատերագիրը՝ իր խօսքին մէջ՝ կը նկատէ. «Պատմական իրողութիւն է, որ առանց զէնքի չկայ փրկութիւն եւ  Խրիմեանը հոգեւորական ըլլալով հանդերձ` «Երկաթեայ շերեփ» քարոզեց: Այս իրողութիւնը որքան ճիշդ էր այն ժամանակ, այնքան ալ հրատապ է այսօր: Այսինքն, Խրիմեանը այժմէական է, այժմէական է ամէն ինչով»: Հրանդ Մարգարեանի խօսքով, Պաշտպանութեան բանակի աջակցութեան ծրագիրը շարունակական է եւ պիտի կրէ մշտական բնոյթ:

Խրիմեան Հայրիկի կեանքն ու գուրծունէութիւնը, անոր գաղափարները, տանջալից կեանքն ու տառապանքները իւրովի ներկայացուած էին մենախօսութեան մէջ, որ  Արցախի հանդիսատեսը ընկալեց իբրեւ կոչ, որ անցեալի դառն դասերը այլեւս պէտք չէ կրկնուին:

«Խրիմեան Հայրիկ ազգային արժէքներու կրողն ու արտայայտողը եղած է, եւ պատահական չէ, որ 1960-ական թուականներուն, խորհրդային ամենադաժան տարիներուն՝ Վազգէն Առաջին կաթողիկոսի կողմէ՝ մայր աթոռի մէջ տեղադրուած է յատուկ երկաթեայ շերեփի յուշարձան: Ես, իբրեւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի նախկին սան, կրնամ ըսել, որ այսօրուայ ներկայացումը կոչ է, որպէսզի անցեալի սխալները երբեք չկրկնուին: Կ՝ողջունեմ այս գաղափարը, որ իրօք արդիական է»,- նշած է Սամուէլ սարկաւագ Մկրտչեան:

Դաւիթ Աւանեսեան

«ՄԱՐՏԻԿ»