Ամերիկա-Հայաստան Ուղղակի Թռիչքներ Հաստատելու Ջանքերը Արագացնելու Դիմում

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան, Սեպտեմբեր 19 թուակիր նամակ մը յղած է Միացեալ Նահանգներու օդային փոխադրութեանց վարչութեան (FAA) պետի պաշտօնակատար Տեն Էլուէլին, առաջարկելով արագացնել Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ ուղղակի թռիչքներու հաստատման նպատակով տարուող բանակցութիւնները։

Շեշտելով, որ նման թռիչքներ պիտի դիւրացնեն երկու երկիրներուն միջեւ զբօսաշրջիկներու եւ գործարարներու երթեւեկը՝ Համբարեան նաեւ կը գրէ, թէ վերջին մէկ տարուան ընթացքին, Միացեալ Նահանգներէն դէպի Հայաստան թռիչքներու պահանջը յատկանշականօրէն աճած է։

Իր կարգին, Ամերիկա-Հայաստան ուղղակի թռիչքներ հաստատելու համար աշխատող Հայ Դատի երկարամեայ գործիչ Զանգու Արմէնեան կը յիշեցնէ, թէ այս ջանքերը սկսած են Հայաստանի մէջ այս տարի տեղի ունեցած դրական փոփոխութիւններէն շատ առաջ, սակայն այդ փոփոխութիւնները վստահաբար պիտի նպաստեն այս գործընթացի արագացման։ «Այս պատճառով, Հայ Դատի յանձնախումբը կը շարունակէ իր խորհրդակցութիւնները տեղական, նահանգային թէ դաշնակցային կառավարութեան պաշտօնակատարներու, ինչպէս նաեւ օդանաւային ընկերութեանց ներկայացուցիչներու հետ, յուսալով, որ մօտիկ ապագային, Լոս Անճելըսէն կամ Նիւ Եորքէն դէպի Երեւան ուղղակի թռիչքներ կը հաստատուին», կ՛աւելցնէ Արմէնեան։