Category: Հայաստան
ՀՄԸՄ-ի 12-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի Պաշտօնական Բացում` Երեւանի Մէջ
Երէկ` Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 14-ի կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Երեւանի «Մարիոթ» պանդոկի «Արարատ» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի 12-րդ Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին պաշտօնական բացումը` ներկայութեամբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Վազգէն եպս. Միրզախանեանի, […]
ՀՕՄ-ի 72-րդ Համահայկական Պատգամաւորական Ժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները
Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Համահայկական 72-րդ Պատգամաւորական Ժողովը գումարուեցաւ 7 – 11 Հոկտեմբեր 2019-ին, Մոնթրէալի մէջ, Գանատա, մասնակցութեամբ 21 երկիրներէ ժամանած 47 պատգամաւորներու եւ ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու, հիւրերու, քոյր […]
«ՆերՈւժ» Ծրագիրին Դիմելու Պայմանաժամը՝ Հոկտեմբեր 21
Սփիւռքահա՞յ ես եւ նոր տեսակի «սթարթափ»ի (գործառնութեան-Խմբ.) գաղափարներ ունի՞ս: Փափաք ունի՞ս վերադառնալու Հայաստան եւ հիմնելու քու սթարթափը հայրենիքի մէջ: Եթէ այո՛, ուրեմն դիմէ «ՆերՈւժ» Սփիւռքի սթարթափ ծրագիրին, որ այս տարի […]
Երեւանի Մէջ Բացուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեանի Կիսանդրին
Հայաստանի մարմնամարզութեան պետական հիմնարկի (ֆիզիկական կուլտուրայի եւ սպորտի պետական ինստիտուտի) գլխաւոր շէնքին կից բացուեցաւ 1915 թուականի թրքական ճնշումներուն զոհ գացած պոլսահայ մարզիկ Շաւարշ Քրիսեանի կիսանդրին: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` բացման հանդիսաւոր արարողութեան […]
Հայաստանի Խորհրդարանը Independent-ի Ամենագեղեցիկ Շէնքերու Տասնեակին Մէջ Չորրորդն է
Բրիտանական յայտնի «Independent»-ը թերթը Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի շէնքը ներառած է ամենագեղեցիկ խորհրդարաններու տասնեակին մէջ: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` տասնեակը առաջին տեղը կը գրաւէ Հունգարիոյ խորհրդարանը, երկրորդ տեղի վրայ Ռումանիոյ խորհրդարանն է, […]
Արցախի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուեցաւ Բերքի Տօնը
Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ` Հոկտեմբեր 13-ին, Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած էր բերքի տօն՝ գիւղատնտեսութեան աշխատողի օրուան նուիրուած: Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ Ստեփանակերտի վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ցուցահանդէս տօնավաճառին մասնակցեցան անհատ գիւղատնտեսներ ու […]
Տեղի Ունեցաւ «Համագործակցութիւն Յանուն Արդարութեան Եւ Խաղաղութեան» Խորագիրով Արցախի Բարեկամներու Ժողովը
11 Հոկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան կազմակերպած` «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» խորագիրը կրող Արցախի բարեկամներու քառօրեայ համաժողովը, որուն կը մասնակցին 30 երկիրներէ 150 […]
Արցախի Բարեկամները Կը Յայտարարեն «Փրօ Արցախ» Միջազգային Ցանց Ստեղծելու Մասին
Հոկտեմբեր 11-ին, Ստեփանակերի մէջ տեղի ունեցած «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» խորագիրով Արցախի բարեկամներու համաժողովի մասնակիցները ընդունած են ամփոփիչ հռչակագիր: Ստորեւ կը ներկայացնենք հռչակագրի ամբողջական բնագիրը. Արցախի բարեկամներու «Համագործակցութիւն յանուն […]
Ալիեւի Խօսքերը Անյարգալից Են Հայ Ժողովուրդին եւ ԱՊՀ Երկիրներու Ղեկավարներուն Նկատմամբ. Փաշինեան
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թուրքմէնստանի մէջ ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի հերթական նիստին արձագանգած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ելոյթին: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Իլհամ Ալիեւի […]
Արցախի Ճակատագիրը Չի Կրնար Որոշուիլ Առանց Անոր Մասնակցութեան. Բակօ Սահակեան
Արցախի ճակատագիրը չի կրնար որոշուիլ առանց անոր մասնակցութեան, յայտարարեց Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցող «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» խորագիրով Արցախի բարեկամներու համաժողովի ընթացքին։ Այս մասին կը հաղորդէ […]









