ԼՂ Հարցի Կարգաւորման Վերաբերեալ ՀՀ եւ Արցախի Իշխանութիւններուն Պատկերացումները Նոյնական են. Փաշինեան

Հայաստան

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն պատկերացումները նոյնական են: Այս մասին Facebook-ի իր էջի ուղիղ եթերով ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Վերջին շրջանին շատ յաճախ շահարկուած է, թէ Արցախի իշխանութեան եւ Հայաստանի իշխանութեան մէջ կան հակասութիւններ ու հակադրութիւններ: Կ՝ուզեմ արձանագրել, որ ՀՀ իշխանութեան եւ Արցախի իշխանութեան պատկերացումները Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման վերաբերեալ, նոյնական են»,- ըսաւ Փաշինեան:

ՀՀ վարչապետը նշեց, որ այլ կերպ չի կրնար ըլլալ:

Անդրադառնալով սահմանի իրավիճակին՝ ՀՀ վարչապետը նախորդ 1.5 տարուան ընթացքին լարուածութեան կտրուկ նուազում կ՝արձանագրէ:

«Ընդհանուր առմամբ այն իրավիճակը, որ մենք ունինք հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն մէջ, միշտ ալ վտանգներ կ՝ընդգրկէ, բայց ես կ՝ուզեմ ըսել, որ այդ վտանգները այսօր աւելին չեն, քան եղած են օրինակ՝ 3, 4, 5 տարի առաջ: Եթէ հիմա վերազննենք սահմանային իրավիճակը, լարուածութեան աստիճանը, պիտի տեսնենք, որ նախորդ 1.5 տարուան ընթացքին ընդհանրապէս լարուածութեան շատ կտրուկ եւ էական անկում ունինք, եւ այդ անկումը տեղի ունեցած է Տուշանպէի յայտնի քննարկումներուն ծիրէն ներս»,- ըսաւ Փաշինեան:

Վարչապետ Փաշինեան նաեւ նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացքին մէջ եւս հետաքրքրական տեղաշարժ կայ:

«Ցաւօք, լարուածութիւնը, ընդհանուր առմամբ, շատ աւելի ցած մակարդակի, բայց կայ, կը շարունակուի, եւ, ցաւօք, մենք այսօր ալ կ՝ունենանք զոհեր: Ոչ ոք կ՝ըսէ, որ Ղարաբաղի հարցի խաղաղ կարգաւորման հասած ենք, բայց միւս կողմէն կը կարծեմ, որ բանակցային գործընթացին մէջ կայ բաւական հետաքրքրական տեղաշարժ, եւ ես լաւատես եմ, որ անիկա պիտի զարգանայ»,- ըսաւ վարչապետը: