Փոխգնդապետ Սարգիս Ստեփանեան Դարձաւ Բազկամարտի Աշխարհի Ախոյեան

Այլեւայլ, Հայաստան

Ռումանիոյ Քոսթանսա քաղաքին մէջ կայացած հաշմանդամութիւն ունեցողներու բազկամարտի աշխարհի ախոյեանութեան ՀՀ Զինուած ուժերու փոխգնդապետ Սարգիս Ստեփանեան դարձաւ ախոյեան:

«Շնորհակալ եմ ձեզի` բարի խօսքեր ու դրական լիցքեր փոխանցելու համար: Դուք էք ինծի ուժ տուողը: Կը հանդիպենք շուտով` մեր սիրելի հայրենիքին մէջ: Կը սիրեմ բոլորդ»,-«Ֆէյսպուք»ի մէջ գրած է Ստեփանեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան «Արիութեան համար» մետալակիր փոխգնդապետ Ստեփանեանը Եւրոպայի կրկնակի եւ աշխարհի արդէն քառակի ախոյեան է: Վիրաւորուած է 2014-ին Արցախի պաշտպանական շրջաններէն մէկուն մէջ հակառակորդին ներթափանցման գործողութիւնը ետ մղելու ժամանակ վիրաւոր ծառայակից ընկերը ականապատուած տարածքէն հանելու ատեն՝ կորսնցնելով 2 ոտքն ու աջ ձեռքը: