Փաշինեան ու Գարեգին Բ Քննարկեցին Պետութիւն-Եկեղեցի Կապերը

Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր ներկայ գտնուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովի նիստին:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ն կարեւոր համարեց նմանօրինակ հանդիպումները` խօսելու ինչպէս եկեղեցական խնդիրներու, այնպէս ալ հայրենիքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու եւ մեր ժողովուրդին յուզող հարցերու մասին:

« Ի հարկէ նման հանդիպումներու կարիքը եւ անհրաժեշտութիւնը կայ, գուցէ աւելի յաճախ, քան տեղի կ՛ունենայ: Ընդհանուր առմամբ, ի հարկէ, ինչպէս Վեհափառը նշեց, պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւններուն հետ կապուած քննարկումները շատ կարեւոր են, առաւել եւս նոր իրավիճակի եւ նոր պայմաններու մէջ, որ այսօր ունինք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Այդ պայմաններն ու յարաբերութիւնները ունին բազմաթիւ նրբութիւններ եւ ես յոյս ունիմ, որ այսօր այդ նրբութիւններու կարեւոր մանրամասնութիւններուն մենք հնարաւորութիւն կ’ունենանք անդրադառնալու»,- ըսաւ Փաշինեան:

 Վարչապետը կարեւոր նկատեց հասարակութեան մէջ խնդիրներու կարգաւորումը փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտին մէջ, բաց, անկեղծ, ուղիղ երկխօսութեան եւ քննարկումներու միջոցով:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հաստատեց, որ Հայոց Եկեղեցին զօրավիգ է հայոց պետականութեան` իր կարողութիւններու ներածին չափով նպաստելով հայրենիքի զօրացման: