Ուաշինկթըն Կը Հակադարձէ Պաքուի Դժգոհութեան՝ Շեշտը Դնելով Բանակցութեանց Վրայ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ինչպէս կ՛ակնկալուէր, Միացեալ Նահանգներու մօտ Ատրպէյճանի դեսպանին միջոցաւ բողոք ներկայացուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի Ուաշինկթըն այցելութեան եւ շարք մը քոնկրեսաններու հետ Ներկայացուցիչներու տան շէնքին մէջ անոր ունեցած հանդիպումներուն վերաբերեալ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ամերիկայի Ձայն»-ը։

Ատրպէյճանցի փոքրաթիւ ցուցարարներ նաեւ փորձեցին եւ ձախողեցան Արցախի նուիրուած եւ Քոնկրեսի շէնքին մէջ տեղի ունեցած ընդունելութիւնը խանգարել։

Պաքուի բողոքին հակադարձելով՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Ուաշիկնկթըն պիտի շարունակէ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ իր աշխատանքը՝ բանակցութիւններու միջոցով՝ նոյն ժամանակ աւելցնելով. «Գիտենք, որ Քոնկրեսի որոշ անդամներ հիւրեր կ՛ընդունին Ուաշինկթընի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մարզէն: Միացեալ Նահանգները չի ճանաչնար Լեռնային Ղարաբաղի վարչակարգը։ Միացեալ Նահանգները կ՛աջակցի ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի գործընթացին եւ պիտի շարունակէ իր ջանքերը՝ կարգաւորման հասնելու ուղղութեամբ, բանակցութիւններու միջոցով եւ յարգելով՝ ոյժի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքներ, որոնք արտացոլուած են Հելսինքիի եզրափակիչ որոշումին մէջ»:

Յիշեցնենք, որ Արցախի անկախութեան նուիրուած ձեռնարկին մասնակցած էին շարք մը քոնկրեսականներ եւ անոր ընթացքին ելոյթներ ունցողներուն շարքին էին՝ Ճուտի Չու,  Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփիր, Պրետ Շըրմըն եւ Թի.Ճէյ. Քոքս։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ համացանցին միջոցաւ ուղղակի սփռուած ձեռնարկը կարելի է դիտել https://youtu.be/t5pF0kxAfXc կայքէջին վրայ։