Ատիկա Քաղաքական Յաղթանակ է․ Կիրօ Մանոյեան

Աշխարհ, Հայաստան

Սպիտակ տունը ինքնուրոյն արտաքին քաղաքականութիւն կը վարէ, եւ ոչ ոք կրնայ անոր վրայ ազդել: Այս մասին ըսած է ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ`  մեկնաբանելով Սպիտակ տան քաղաքականութեան վրայ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ բանաձեւի ընդունման ազդեցութեան հնարաւորութեան:

Անոր խօսքով` նման բանաձեւ կայ Սենատին մէջ, իսկ յետագայ քաղաքականութիւնը կախուած պիտի ըլլայ ներկայ եւ ապագայ նախագահներէն: «Որեւէ պարագայի, ատիկա Սպիտակ տան որոշումը պիտի ըլլայ: Սպիտակ տունը անկախ քաղաքականութիւն կը վարէ»,- ընդգծած է Մանոյեան` աւելցնելով, սակայն, որ ան եւս պէտք է հաշուի առնէ բնագիրը: «Օրէնսդիր մարմինը չի կրնար ստիպել Սպիտակ տան: Ատիկա քաղաքական քայլ էր, քաղաքական յաղթանակ, եւ գործընթացը պէտք է շարունակել: Հարցը կը վերաբերի ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, այլեւ ցոյց կու տայ ԱՄՆ հայկական համայնքի ուժը»,- նշած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը: Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ այսօր եւս Քոնկրէսի շէնքին մէջ տեղի պիտի ունենայ ամենամեայ ձեռնարկ` նուիրուած Արցախին: Անոր պիտի մասնակցի Արցախի ԱԳՆ ղեկավարը:

Խօսելով ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելուն, Կիրօ Մանոյեան նկատել տուած է, որ Միացեալ Նահանգներուն մէջ չկայ եւ հազիւ թէ ընդունուի ժխտումը քրէականացնելու մասին օրէնք ` հաշուի առնելով, որ ամերիկացիները բազմաթեմութեան կողմնակիցներ են: Այդ հարցին անոնք այլ կերպով կը մօտենան եւ կրնան նման գործողութիւնները անուանել ատելութեան սերմանում, աւելցուցած է Մանոյեան:

Անրադառնալով Թուքրիոյ յետագայ գործողութիւններուն` Մանոյեան նշած է, որ այդ երկիրը կը փորձէ պառակտել հայերը: «Եւ քաղաքական այդ մարմնամարզութիւնը բացասաբար կ՛անդրադառնայ նոյն թրքական հասարակութեան վրայ: Երդուեալ մերժողները կը մնան իրենց կարծիքին, իսկ մտածող մասն ալ աւելի շատ կը մտածէ»,- ամփոփածլ է Կիրօ Մանոյեան: