Որո՞նք Են Ճանաչման Յետագայ Փուլերը. Կը Մեկնաբանէ Էլիզապեթ Չուլճեան

Աշխարհ, Սփիւռք

Յետագան պէտք է ըլլայ ԱՄՆ Սենատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւի ընդունումը, որ կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենայ այդ առումով: Ի վերջոյ, ԱՄՆ նախագահն է, որ կ՛իրականացնէ երկրի քաղաքականութիւնը, բայց Քոնկրեսը կարեւոր դեր ունի այդ քաղաքականութեան ձեւաւորման գործին մէջ, Yerkir.am-ի հարցումին, թէ զուտ իրաւականօրէն որո՞նք պիտի ըլլան ճանաչման յետագայ փուլերը, որպէսզի համարուի, որ ԱՄՆ-ն վերջնականօրէն եւ լիարժէք ճանչցած ու դատապարտած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, պատասխանեց ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբի մամուլի պատասխանատու Էլիզապեթ Չուլճեան:

Յիշեցնենք, որ ձայներու` 405 կողմ, 11 դէմ յարաբերակցութեամբ ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչող բանաձեւը:

Էլիզապեթ Չուլճեանի խօսքով` ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի հաստատումը կարեւոր քայլ էր Թուրքիոյ «վեթօ»ն դադրեցնելու համար:

«Նպատակը կայուն ճանաչման քաղաքականութիւն ապահովելն է, որ կ՛աւարտի ԱՄՆ-ի մեղսակցութիւնը Թուրքիոյ Ցեղասպանութեան ժխտման գծով»,- նշած է ան: