Սուրիոյ Մէջ Մարդասիրական Առաքելութիւն Իրականացնող Հայ Սակրաւորները 116000քմ Տարածք Ականազերծած են

Աշխարհ, Հայաստան

Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող հայ մասնագէտներու երրորդ խումբի սակրաւորները, Հոկտեմբեր 8-30, ճարտարագիտական հետազօտութեան եւ մաքրման աշխատանքներու ժամանակ, ականազերծած են 1500քմ տարածք։ Ըստ Armenpress.am-ի՝ Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնի հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Նազելի Էլպագեան յայտնած է, թէ ընդհանուր առմամբ՝ Փետրուար 15-էն մինչ օրս հայ մասնագէտները մաքրած են 116000քմ տարածք։

Նոյն ժամանակահատուածին մարդասիրական խումբի բժիշկները մասնագիտական օգնութիւն ցուցաբերած են 688 մարդու։ Հայաստանցի բժիշկները սուրիացի մասնագէտներուն հետ գործակցութեամբ իրականացուցած են հիւանդ զինուորականներու եւ տեղի խաղաղ բնակչութեան հետազօտութիւններ ու բժշկական միջամտութիւններ։

Վիրաբուժական օգնութիւն ստացած է 39 քաղաքացի, ներգանկային մասնագէտի դիմած է 76 մարդ, անմիջական բուժում ստացող հիւանդներուն թիւը 86 է, դիմածնօտային հետազօտութեան ենթարկուած է 11 մարդ, կանացի բժիշկները բուժած են 191, մաշկաբանները՝ 104, ատամնաբոյժը՝ 13 հիւանդ։ Հայ մասնագէտները աջակցած են 108 երեխայի: Ընդհանուր առմամբ՝ Փետրուար 15-էն մինչ օրս բժշկական օգնութիւն ցուցաբերուած է 6288 քաղաքացիի։