Այս Տարի Աւելի Շատ Ջանք Պիտի Գործադրենք. Չաւուշօղլուն՝ Արցախեան Հակամարտութեան Մասին

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, Պոլսոյ մէջ իրականացուող «Միջնորդական 6-րդ համաժողով»-ի բացման արարողութեան ժամանակ, անդրադարձած է արցախեան հակամարտութեան։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Haberler-ը։

Չաւուշօղլուի խօսքերով, Թուրքիան կողմ է, որ «Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի գրաւուած տարածքներու խնդիրը» լուծուի դիւանագիտական ճանապարհով եւ ՄԱԿ-ի ԱԽ-ի ու Եւրոպայի խորհուրդի ընդունած որոշումներուն ծիրէն ներսմ:

«Խնդրի կարգաւորման համար այս տարի աւելի շատ ջանք պիտի գործադրենք»,- ըսած է Չաւուշօղլուն։