Category: Հայաստան
13-ամեայ Ժասմինի Վիպակը Բարձր Գնահատանքի Արժանացաւ
ԵՌԱԳՈՅՆ- Հոկտեմբեր 28-ին, Հ. Աճառեանի անուան Լեզուի հիմնարկէն ներս, տեղի ունեցաւ 13-ամեայ Ժասմին Հայրապետեանի «Հրաշագործ Նռանէ» վիպակին շնորհանդէսը: Վիպակը արեւմտահայերէնի վերածելու նախաձեռնութիւնը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքինն է։ Շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ […]
Հայկական Տաղաւարը Պատմութեան Մէջ Ամենամեծ` Փեքին Էքսփօ-2019 Ցուցահանդէսին Ստացած է Ոսկէ Մրցանակը
Հայաստան ազգային տաղաւարով մասնակցեցաւ Ապրիլ 28-էն Հոկտեմբեր 7 Փեքինի մէջ տեղի ունեցած Այգեգործական համաշխարհային Փեքին Էքսփօ-2019 ցուցահանդէսին, ուր 162 օր անընդմէջ լայնօրէն եւ բազմակողմանի ներկայացուեցան հայկական այգեգործութիւնը եւ գիւղատնտեսութիւնը, գինեգործութիւնը, […]
Սիմոն Մարտիրոսեան Դարձաւ Եւրոպայի Երիտասարդներու Ախոյեան
Հայաստանի ծանրամարտի հաւաքականի անդամ Սիմոն Մարտիրոսեան դարձաւ Եւրոպայի Մ23 տարեկաններու ախոյեան: Ըստ Armenpress.am-ի՝ Պուխարեսթի մէջ ընթացող Եւրոպայի երիտասարդներու առաջնութեան, գերծանր քաշային կարգի մէջ, Մարտիրոսեան նախ բարձրացուց 192 քկ: Երկրորդ մօտեցմամբ […]
Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հանդիպած է Ճափոնի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Աշխատանքային այցով Ճափոն գտնուելու ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան տիկնոջ` Նունէ Սարգսեանի հետ հանդիպած է Ճափոնի փոքրաթիւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Նախագահ Սարգսեան նախ հետաքրքրուած է, թէ ինչով կը զբաղին անոնք, […]
Ղարաբաղը Կը Պատկանի Հայաստանին. Յայտնի Ռուս Լրագրողը Պատասխանած է Ատրպէյճանուհիին. Տեսանիւթ
Յայտնի ռուս լրագրող եւ գրող Վլատիմիր Պոզներ Քալիֆորնիոյ մէջ (ԱՄՆ) ելոյթի ընթացքին պատասխանած է ատրպէյճանցի երիտասարդ կնոջ դիտարկման՝ Ղարաբաղի հարցով Պոզների «հայանպաստ» դիրքորոշման վերաբերեալ: Ըստ SHANTNEWS.am-ի՝ այս մասին յայտնած է rusarminfo.ru-ն: Արզու […]
Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Հովանաւորող Քոնկրեսականներուն Թիւը Կը Շարունկէ Աճիլ
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարութեան այն որոշումը, որուն շնորհիւ 30 տարիներու ընթացքին առաջին անգամն ըլլալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը քուէարկութեան պիտի դրուի Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին։ […]
Համահայկական Հիմնադրամին Կողմէ Հաշմանդամ 6 Ազատամարտիկներու Տրամադրուած են Յատուկ Յարմարանքով Ինքնաշարժներ
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ ընթացիկ տարուան Սեպտեմբերի դրութեամբ Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու հաշմանդամ վեց ազատամարտիկներու տրամադրուած են յատուկ յարմարանքով ինքնաշարժներ: Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ այս մասին յայտնած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի մամուլի […]
Բակօ Սահակեան Ներկայ Գտնուեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէսին
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը Հոկտեմբեր 25-ին Ստեփանակերտի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնին մէջ ներկայ եղաւ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեայ յոբելեանին նուիրուած ցուցահանդէսին: Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ նախագահ Սահակեան պաշտօնատար անձերու ուղեկցութեամբ շրջած է ծանօթացաւ […]
Ծանրորդ Յակոբ Մկրտչեան՝ Եւրոպայի Երիտասարդներու Ախոյեանութեան Ոսկէ Մետալակիր
Հայաստանի ծանրաբարձութեան երիտասարդներու խումբի անդամ Յակոբ Մկրտչեան դարձաւ Եւրոպայի Մ23 տարեկաններու ախոյեան: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` Պուխարեսթի մէջ տեղի ունեցող ախոյանութեան 89 քկ․ դասակարգին մէջ Մկրտչեան պոկեց 165 քկ․ եւ հրեց 210 […]
Լաթվիայի Մէջ Յովհաննէս Թումանեանի Հեքիաթներու Ժողովածուն Տպուած է
Լաթվիայի մէջ տպուած է Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթներու ժողովածուն: Այս մասին, Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Լաթվիայի մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Մկրտչեան: «Ուրախ ենք տեղեկացնելու, որ Լաթվիայի մէջ վերջապէս տպուեցաւ […]










