Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի

Հայաստան, Սփիւռք

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ 2019 թ. Նոյեմբերի 9-ին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Դատի աշխատանքներուն նուիրուած դրամահաւաք։

Դրամահաւաքին կը մասնակցէին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառը, Ա.Հ. նախագահ Բակօ Սահակեանը։ Ուղերձ յղած էին ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանը եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ը։

Կը յիշեցնենք, որ վերջին դրամահաւաքը տեղի ունեցած էր 2016 թ. Փարիզի մէջ։

Աւելի քան 100 բարերարներ՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէ՝ կը մասնակցէին դրամահաւաքին։

Աւարտին յայտարարուեցաւ, որ շուրջ 2,400,000 ամերիկեան տոլար նուիրաբերուած է Հայ Դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու աշխատանքներուն համար եւ նշուեցաւ, որ դրամահաւաքը կը շարունակուի։

Ասիկա անգամ մը եւս վկայութիւնն է այն բանի, որ նոյնիսկ այս օրերուն՝ տարբեր երկիրներու մէջ առկայ տնտեսական ճգնաժամերուն՝ մեր ազգի զաւակները պատրաստ են իրենց ներդրումը ունենալու Հայ Դատի պայքարին մէջ, քանզի անիկա նուիրական է։

Հ.Յ.Դ. Բիւրօն իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն, դրամահաւաքի կազմակերպիչներուն եւ Հայ Դատի նուիրեալներուն։

Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ