Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր ընկ. Դաւիթ Իշխանեան Աթէնքի մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Ար­ցա­խի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր եւ Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան, 5 եւ 6 ­Նո­յեմ­բեր 2019-ին, Ա­թէնք գտնո­ւե­ցաւ եւ ու­նե­ցաւ շարք մը հան­դի­պում­ներ յու­նա­հայ գա­ղու­թի կա­ռոյց­նե­րուն հետ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատ օր»-ը։

Ե­րեք­շաբ­թի՝ 5 ­Նո­յեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տուն, ընկ. Իշ­խա­նեան եւ իր տի­կի­նը այ­ցե­լե­ցին «Ա­զատ Օր»ի խմբագ­րա­տուն եւ մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցան յու­նա­հայ օ­րա­թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Իր այ­ցե­լու­թեան ա­ռի­թով, ընկ. Իշ­խա­նեան շա­հե­կան հար­ցազ­րոյց մը տո­ւաւ թեր­թին, որ պիտի հրա­տա­րա­կո­ւի յա­ջոր­դիւ։

Նոյն օ­րը, Ար­ցա­խի պատ­գա­մա­ւորն ու իր տի­կի­նը ա­ռի­թը ու­նե­ցան այ­ցե­լե­լու Հ.Կ.­Խա­չի «­Ճէ­նա­զեան», «­Յա­կո­բեան» եւ «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րը եւ ծա­նօ­թա­նա­լու ա­շա­կեր­տու­թեան ու ու­սուց­չա­կան կազ­մե­րուն հետ։ ­Փոք­րիկ­նե­րը հե­տաքրք­րու­թեամբ մօ­տե­ցան Ար­ցա­խի հիւ­րին եւ լսե­ցին ա­նոր պատ­գամ­ներն ու թե­լադ­րանք­նե­րը հա­յու ինք­նու­թիւ­նը եւ Ար­ցա­խի հե­րո­սա­կան պատ­մու­թիւ­նը ի­րենց սրտե­րուն մէջ պա­հե­լու հա­մար։

Ընկ. Իշ­խա­նեան յոր­դո­րեց ա­շա­կերտ­նե­րուն այ­ցե­լել Ար­ցախ, զգալ մեր ար­ծո­ւա­բոյն հայ­րե­նի հո­ղին զօ­րու­թիւ­նը եւ ա­մէն տեղ զօ­րա­վիգ կանգ­նիլ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի գո­յա­պայ­քա­րին։

Ընկ. ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան հար­ցազ­րոյց տո­ւաւ յու­նա­կան «Է­ֆի­մէ­րի­տա թոն սին­տաք­թոն» թեր­թի հա­յա­սէր թղթա­կից ­Նի­քո­լաս ­Զիր­ղա­նո­սին, որ Ար­ցա­խի քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մին այ­ցե­լած էր Ար­ցախ եւ իր տպա­ւո­րու­թիւն­ներն ու Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ար­դար պայ­քա­րը նկա­րագ­րած էր եր­կա­րա­շունչ յօ­դո­ւա­ծով մը։

Չո­րեք­շաբ­թի՝ 6 ­Նո­յեմ­բե­րին, Ար­ցա­խի ազ­գա­յին ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր ընկ. ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան այ­ցե­լեց Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րան եւ հան­դի­պում ու­նե­ցաւ ­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեա­նի եւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րուն հետ։ ­Նոյն գի­շեր, ընկ. ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան հան­դի­պե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. ­կո­մի­տէի կազ­մին հետ։ Ըն­կե­րը ներ­կա­յա­ցուց Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցի վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րը, խօ­սե­ցաւ Ար­ցա­խի քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րա­յին ի­րա­վի­ճա­կին մա­սին, յատ­կա­պէս՝ 2020-ի նա­խա­գա­հա­կան եւ ե­րես­փո­խա­նա­կան զոյգ ընտ­րու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց Ար­ցա­խի մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման հա­մար ե­ղած ջան­քե­րուն եւ քա­ղա­քա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք կը ծա­ւա­լին պե­տա­կան մա­կար­դա­կի վրայ, ինչ­պէս նաեւ ա­ւե­լի ման­րա­մաս­նեց վեր­ջերս Ար­ցա­խի պե­տու­թեան եւ Հ.Յ.Դ.-ի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած Ար­ցա­խի բա­րե­կամ­նե­րու խորհր­դա­ժո­ղո­վին մա­սին։