Դաւիթ Իշխանեանի Հարցազրոյցը Յունական «ԷՖ. ՍԻՆ» Օրաթերթին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ եւ Ա.Հ. Ա.Ժ. պատ­գա­մա­ւոր ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան հար­ցազ­րոյց տո­ւած է յու­նա­կան «ԷՖ. ՍԻՆ» օ­րա­թեր­թին։ ­Հար­ցազ­րոյ­ցը կը կրէ «Ատր­պէյ­ճա­նը նաւ­թա­տո­լար­ներ ու­նի, իսկ մենք ո­գի ու­նինք» խո­րա­գի­րը։

«ԷՖ. ՍԻՆ» օ­րա­թեր­թի լրագ­րող ­Նի­քո­լաս ­Զիր­ղա­նոս նա­խա­բա­նին մէջ կ՚անդ­րա­դառ­նայ Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան Ար­ցա­խի դէմ, ա­պա պար­զա­բա­նում­ներ կը կա­տա­րէ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան դե­րա­կա­տա­րու­թեան եւ տա­րա­ծած գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ ­Հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ ար­ծար­ծո­ւած են Ար­ցա­խի ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին, Ար­ցա­խի 2020ին կա­յա­նա­լիք խորհրդա­րա­նա­կան եւ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, Ա.Մ.Ն.ի ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան կող­մէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման բա­նա­ձե­ւին եւ ­Սու­րիոյ մէջ թրքա­կան ներ­խուժ­ման հետ վե­րա­բե­րող հար­ցե­րը: