ՄԱԿ-ի Մէջ Անդրադարձած Են Սուրիոյ Մէջ Հայ Հոգեւորականներու Սպանութեան

Աշխարհ, Հայաստան

ՄԱԿ-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեան ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարի յատուկ խորհրդական Ատամա Տիանգի հետ հանդիպման ժամանակ ներկայացուցած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքի հայ հոգեւորականներ Յովսէփ եւ Աբրահամ Պետոյեաններու սպանութեան հարցը:

ԱԳՆ հաղորդագրութեան համաձայն` Մհեր Մարգարեան դատապարտած է այդ ոճրագործութիւնը` որպէս կրօնական եւ ազգային պատկանելութեան վրայ հիմնուած յանցանք:

Գլխաւոր քարտուղարի յատուկ խորհրդականը իր ցաւակցութիւնները յայտնած է հայ հոգեւորականներու սպանութեան կապակցութեամբ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ լարուած իրավիճակին, մարդկային կորուստներու եւ քաղաքացիական բնակչութեան սպառնացող վտանգներու խնդրին: