Հիմնանորոգուած Ընթերցասրահ՝ «Իզմիրլեան» Հիմնադրամի Նուէրը ԵՊՀ-ին

Հայաստան

Հոկտեմբեր 1-ին բացուեցաւ  Երեւանի Պետական Համալսարանի Սարգիս եւ Մարի Իզմիրլեաններու անուան գրադարանի հիմնանորոգուած ընթերցասրահներէն մէկը: Այս մասին կը հաղորդէ «Մեդիամաքս»-ը։

Բանասիրական գիտութիւններու գրականութեան ընթերցասրահի հիմնանորոգումը «Իզմիրլեան» հիմնադրամին նուէրն է ԵՊՀ 100-ամեակին: Իզմիրլեան ընտանիքը պետական համալսարանին կ՛աջակցի 1994-էն, երբ բացուեցաւ գրադարանի նորակառոյց մասնաշէնքը:

«Հաշուի առնելով, որ Երեւանի պետական համալսարանի Մարի եւ Սարգիս Իզմիրլեաններու անուան գրադարանը կը ծառայէ մեծ թիւով ուսանողներու եւ հետազօտողներու, հիմնադրամի կարեւոր  նպատակներէն մէկն է զայն համապատասխանեցնել միջազգայնօրէն ընդունուած ակադեմիական չափանիշներուն», -ըսած է «Իզմիրլեան» հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Արմէն Չօբանեան:

Մօտ 400 քմ տարածքը ամբողջութեամբ նորոգուած է, թարմացուած: Վերանորոգումը իրականացուցած է հիմնադրամը, կահոյքը ձեռք բերուած է համալսարանին միջոցներով:

Պետական համալսարանի գրադարանը 16 հազար ընթերցող ունի: Միջավայրի փոփոխութիւնը նպաստած է հոն հաճախողներու թիւի աճին: Նորոգուած ընթերցասրահը օրական 3-4 հարիւր ընթերցողի կը սպասարկէ:

Կանոնանդրութեան համաձայն` գրադարանէն կրնան օգտուիլ միայն ԵՊՀ ուսանողներն ու դասախօսական կազմը: Բայց տնօրէնութիւնը ընթերցասրահէն օգտուելու հնարաւորութիւն կու տայ նաեւ այլ համալսարաններու ուսանողներուն` ուսանողական տոմսերով: