Հրանդ Տինքի Դատը 1915-ի Պէս Մեծ Վէրք Մըն է

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Անի Զէյթունցեան
Ռատիօ  Լուր

Ակօսի այսօրուան գրասենեակը դժբախտաբար Հրանդ Տինքի աշխատած գրասենեակը չէ, այնտեղ հիմա վերածուած է թանգարանի: Զրուցակիցս` Ակօս թերթի ներկայի տնօրէն Եդուարդ Տանիձիկեանն է: Ան Հանրային Ռատիօ-ին յայտնեց նոր լուրը, որ Հրանդ Տինքի գրասենեակը այսօր վերածուած է թանգարանի  և կը կոչուի «23,5 Ապրիլ»՝ համաձայն 2004 թուականին Հրանդի գրած այդ նշանաւոր յօդուածին. «23 Ապրիլը Թուրքիոյ Ազգային ժողովի հիմնադրութեան օրն է, իսկ 24 Ապրիլը Հայոց Ցեղասպանութեան օրն է.  Հրանդ այդ 2 օրերը կապելով իր յօդուածը անուանած էր  «23,5  Ապրիլ»:

Ակօսի վիճակը զգալ ուզողներ այնտեղ կ՛այցելեն, այնտեղ պահպանուած են հին Ակօսէն էջեր, արխիւիներ: Իսկ այստեղ Անարատ Յղութեան դպրոցն էր. աշակերտ  չունենալու պատճառով սոյն նախակրթարանը փակուեցաւ: «Ակօսի գործունէութիւնը աւելի ծաւալուն դառնալուն համար մենք փոխադրուեցանք այս շէնքը, սակայն  նոյն ձևով կը շարունակենք Հրանդ Տինքի աշխատանքները»:

2004-2007 ամբողջ ծանրութիւնը  սպառնալիքները քաշեց Հրանդ Տինք: Կարծես թէ  հայ մը կ՛ուզէին սպաննել, ատիկա եղաւ Հրանդ Տինքը: Մենք մեծ զոհ մը տուինք, ասոր ծանրութիւնը մեծ եղաւ, այդ ծանրութիւնը մեր մէջ է շարունակ:

2 տարի կ՛ընէ Հրանդ Տինքի  դատը և դեռ կը շարունակուի…

«Երբեմն կը պատահին սպառնալիքներ, բայց վերջին չորս տարիներուն հանդարտ է վիճակը: Առաջին անգամ դատի մը մէջ այսքան պաշտօնեաներ կը դատուին: Ամբաստանեալներ շատ եղան, բայց կառավարութեան մէջ ո՞վ հրաման տուաւ սպաննութեան այդ է խնդիրը: Ամբողջ մեր ջանքը այս ուղղութեամբ կը տանինք: Մեր գործը նաև այդ դատին հետևիլն է: Մեզի համար 1915-ի պէս մեծ վէրք մըն է ատիկա:

«Ակօս-ը  լրագիր մըն է, ինչպէս բոլոր անկախ լրագիրները մենք ալ ունինք դժուարոութիւններ, բայց մեզի համար կարևոր է այս գործը շարունակելը: Պոլսոյ մէջ հայութեան թիւը  50-60 հազար է, մենք կը հրատարակենք 3000 տպաքանակ:

«1996-ին Հրանդ կ՛ուզէր յարաբերութիւն մշակել, հայ-թուրք թշնամութիւնը վերացնել,  հետևաբար թերթի 16 էջը թրքերէն և 4 էջն ալ արևմտահայերէն ըրաւ: Հրանդ կ՛ուզէր ծանօթացնել հայ ժողովուրդի մշակոյթը, ծանօթացնել մեր պատմութիւնը”:

Եդուարդ Տանձիկեան կը հաւատայ, որ մեր լեզուն երբէք չի մեռնիր, բայց պէտք է աւելի կենսունակ դառնայ: Արևմտահայերէնի կեդրոնները երեքն էին՝ Պոլիս, Պէյրութ և Հալէպ: Դժբախտաբար այս գաղութները ցրուեցան անոնցմէ մաս մը Հայաստան եկաւ: Նախկին հայահոծ գաղութները չկան այսօր, ինչպէս Հալէպը, բայց այնտեղի հայերը հիմա Հայաստանի մէջ են և ահա արևմտահայերէնը Հայաստանի մէջ կը լսուի: Պէտք է որ այդ լեզուն լսուի, գործածուի ամենօրեայ դրութեամբ, մեր երիտասարդներն ալ անոր յոյժ կարիքը ունին այսօր: Ան յորդորեց, որ Հանրային  հեռատեսիլը 2-3 տաղավար յատկացնէ Արևմտահայերէնին, օրուան կեանքի մէջ հայերէն պէտք է լսենք, դիտենք ամենօրեայ դրութեամբ։