Ահաբեկիչներ Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Ժողովրդապետն ու Հայրը Սպաննեցին

Սփիւռք

Հայ Կաթողիկէ Համայնքէն “Գանձասար”-ին կը տեղեկացնեն, թէ այսօր առաւօտուն, Գամիշլիի հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Տէր Յովսէփ Քհնյ.Պետոյեան եւ իր հայրը Հաննա Պետոյեան, Տէր Զօրի հայ կաթողիկէ համայնքի եկեղեցւոյ վիճակը ստուգելու համար, երբ անձնական ինքնաշարժով կը մեկնէին Տէր Զօր, ահաբեկիչներ յարձակելով յատկապէս կրակ բացած են ինքնաշարժին վրայ:

Հայ Կաթողիկէ Համայնքի ժողովրդապետին հայրը տեղւոյն վրայ նահատակուած է, իսկ ժողովրդապետը՝ վայրկեաններ անց: Անոնց ընկերակցող Հասիչէի եկեղեցւոյ սարկաւագ Ֆատի Սանօ վիրաւորուած է: