Թուրքիոյ Մարտին Նահանգին Մէջ Հայկական եւ Ասորական Գերեզմանոցներուն Վրայ Հարսանեաց Սրահ եւ Զբօսայգի Կը Կառուցեն

Աշխարհ, Էրկիր

Մարտինի Թարկեչիթ գաւառին մէջ ասորական եւ հայկական գերեզմանոցի վրայ թրքական իշխանութիւնները 1 միլիոն 270 թրքական լիրայով զբօսայգի եւ հարսանեաց սրահ կը կառուցեն: Այդպիսով իշխանութեան ղեկին գտնուող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւնը կատարած է իր նախընտրական խոստումը, որ տուած էր տեղի բնակիչներուն։

Այդ մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը` վկայակոչելով Mezopotamya լրատուական գործակալութեան հրապարակումը:

Աղբիւրին համաձայն` նորակառոյց տարածքին մէջ տեղակայուած պիտի ըլլան խաղասրահ, մարզասրահ եւ հարսանեաց սրահ: Կառուցումը արդէն սկսած է: Տեղացիներուն այս տարուան Մարտ 31-ին կայացած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն նման խոստում  տուած էր Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան թեկնածուն: Գերեզմանոցներու վրայ կառուցուող զբօսայգիին եւ հարսանեաց սրահի բացումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օրերուն:

Թէեւ  տեղի որոշ բնակիչներ ընդդիմացած են այդ նախագծին` մասնաւորապէս շեշտելով, որ այդ տարածքին մէջ կը գտնուին ասորական եւ հայկական գերեզմանոցներ: Անոնք յայտնած են, թէ այգիի եւ հարսանեաց սրահի կառուցումը դադրեցնելու խնդրանքով բազմիցս դիմած  են համապատասխան մարմիններուն, սակայն դիմումները անտեսուած են:

Տեղի բնակիչներէն ասորի Ապտիւլմեսիհ Էրկիւնը լրատուական գործակալութեան թղթակցին յայտնած է, որ սեփական ձեռքերով փակած է երեխայի մը պատկանող գերեզմանը, որուն վրայ խաչ նկատած է: Բայց եւ այնպէս, իշխանութիւնները չեն դադրեցուցած զուարճատեղիներու կառուցումը:

Էրկիւն նաեւ ըսած է․ «Այստեղ ասորիներ եւ հայեր ապրած են։  Սա քրիստոնէական գերեզմանոց էր: Գերեզմանները կրօն, լեզու եւ ազգութիւն չունին: Այս վայրերու մէջ տարբեր հաւատքներ ունեցած մարդիկ ապրած են: Գերեզմանոցի վրայ զուարճատեղիի եւ զբօսայգիի կառուցումը բարոյական չէ եւ չի համապատասխաներ խղճի թելադրանքին: Ասոնք մարդկային արժէքներ են: Մենք, որպէս հասարակութեան ներկայացուցիչներ, պէտք է այս ամէնը նկատի ունենանք»:

Թարգմանեց Մելինէ Անումեանը