ՀՀ Վարչապետը Մասնակցած է Էմանուէլ Մաքրոնի Անունով Տրուած Պաշտօնական Ընդունելութեան

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ աշխատանքային այցով ժամանած է Ֆրանսայի Հանրապետութիւն՝ մասնակցելու Փարիզի խաղաղութեան երկրորդ համաժողովին եւ UNESCO-ի 40-րդ Գլխաւոր խորհրդաժողովին։

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն ԵՌԱԳՈՅՆ-ին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Նոյեմբեր 11-ի երեկոյեան վարչապետ Փաշինեանը ժամանած է Ելիսէյեան պալատ, ուր մասնակցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի անունով ի պատիւ Փարիզի խաղաղութեան երկրորդ համաժողովի մասնակից պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներուն տրուող պաշտօնական ընդունելութեան։

Ելիսէյեան պալատին մէջ, ՀՀ վարչապետը դիմաւորած է Էմանուէլ Մաքրոնը:

Պաշտօնական ընդունելութեան մասնակցած են նաեւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կուտերեշը, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնը, Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութեան նախագահ Ֆելիքս Թշիսեգետին, Չինաստանի ժողովրդական Հանրապետութեան փոխնախագահ Վանկ Քիշանը, Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Լուիզ Մուշիքիւապոն, UNESCO-ի գլխաւոր տնօրէն Օտրի Ազուլէն եւ այլք։

Նոյեմբեր 12-ին, Նիկոլ Փաշինեան պիտի մասնակցի Փարիզի խաղաղութեան երկրորդ համաժողովի բացման եւ ձեռնարկին ծիրէն ներս նախատեսուող յատուկ քննարկման, որուն ընթացքին հանդէս պիտի գայ ելոյթով։ Կը նախատեսուի վարչապետ Փաշինեանի կողմէ Փարիզի խաղաղութեան համաժողովի գրադարանին խորհրդանշական նուէրի յանձնում։

Փարիզ այցին ծիրէն ներս՝ Հայաստանի վարչապետը պիտի այցելէ նաեւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գրասենեակ եւ հանդիպում պիտի ունենայ ՖՄԿ Գլխաւոր քարտուղար Լուիզ Մուշիքիւապոյի հետ։

Կը նախատեսուի ՀՀ վարչապետի եւ անոր տիկնոջ այցը UNESCO-ի կեդրոնակայեան, եւ անոնց մասնակցութիւնը UNESCO-ի 40-րդ Գլխաւոր խորհրդաժողովի աշխատանքներուն։ Խորհրդաժողովի յատուկ քննարկման ծիրէն ներս՝ վարչապետ Փաշինեան հանդէս պիտի գայ ելոյթով։ ՀՀ վարչապետը նաեւ հանդիպում պիտի ունենայ UNESCO-ի Գլխաւոր քարտուղար Օkրի Ազուլէի հետ եւ հարցազրոյց պիտի տայ UNESCO-ի մամուլի ծառայութեան։

Այցին ծիրէն ներս՝ ՀՀ վարչապետը եւ անոր տիկինը հանդիպում պիտի ունենան Ֆրանսայի հայ համայնքի հոգեւոր եւ աշխարհիկ կառոյցներու ղեկավարներուն հետ։ Ի պատիւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Աննա Յակոբեանի պիտի տրուի պաշտօնական ընդունելութիւն, որուն ընթացքին կը նախատեսուի ՀՀ վարչապետի ելոյթը։