Փաշինեան Եւ Մաքրոն Քննարկեցին Հայ-Ֆրանսական Յարաբերութիւններու Օրակարգային Հարցեր

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փարիզի Խաղաղութեան համաժողովի շրջագիծին մէջ, առանձնազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ։ Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ Վարչապետի պաշտօնական կայքը։

Ֆրանսայի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետին՝ համաժողովին մասնակցելու հրաւէրը ընդունելուն համար եւ նշեց, որ կարեւոր կը նկատէ զանազան ուղղութիւններով բարեկամ Հայաստանի հետ համագործակցութեան զարգացումը։

Իր կարգին, վարչապետ Փաշինեան եւս շնորհակալութիւն յայտնեց եւ նշեց, որ տարբեր առիթներով հանդիպումները նոր ազդակ կը հաղորդեն երկկողմ կապերու զարգացման եւ ամրապնդման։

Նիկոլ Փաշինեան եւ Էմանուէլ Մաքրոն քննարկեցին հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու օրակարգային հրատապ հարցեր, անդրադարձան նաեւ մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն երկխօսութեան մեկնարկի ուղղութեամբ իրականացուող քայլերուն։

Կողմերը կարեւոր նկատեցին բարձր մակարդակի փոխայցելութիւններու կազմակերպումը եւ այդ ուղղութեամբ ձեռք բերին համապատասխան պայմանաւորուածութիւն։