Category: Հայաստան
Փաշինեան Կը Փոխէ Ուժային Կառոյցներու Ղեկավարները
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր յայտնած է, ուժային կառոյցներու ղեկավարներուն պաշտօններէն ազատելու եւ նոր նշանակումներ կատարելու մասին: «Սիրելի հայրենակիցներ, շարք մը կարեւոր որոշումներ կայացուցած եմ: Ըստ որուն` զօրավար Օնիկ Գասպարեան […]
Ջաւախքի Մէջ Վնասած են Հայկական Եկեղեցին ու Գերեզմանները
Անյայտ անձիք ծանր սարքերով վնասած են Ջաւախքի Գոման գիւղին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին ու տաճարի բակը գտնուող գերեզմանները: Տեղեկութիւնը՝ Panorama.am փոխանցմամբ՝ յայտնած է Sputnik Գրուզիան: «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակը […]
Եւս 3 Բժշկական Կեդրոն Կը Միանայ «Քորոնա» Համաճարակին Դէմ Պայքարին
Յառաջիկայ օրերուն «Քորոնա» համաճարակի դէմ պայքարին մէջ առողջապահական համակարգի մահճակալներու քանակը պիտի աւելնայ մօտ 240 մահճակալով: ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը յայտնէ, որ յառաջիկայ օրերուն «Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարին մէջ […]
«Տիգրանակերտ» Զօրավարժարանին Մէջ Յարձակողական Թեմայով Մարտավարական Զօրավարժութիւն Իրականացած է (լուսանկարներ)
Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ գործող միաւորումներէն մէկուն մէջ ընթացող տեսչական ստուգումներուն ծիրէն ներս՝ առանձին զրահահրասայլային զօրամասերէն մէկուն հետ՝ իրականացած է գումարտակային մարտավարական զօրավարժութիւն, որուն մարտական հրաձգութեան փուլը խաղարկուած է Յունիս […]
8 Տարուան Ընդմիջումէն Ետք Դամասկոս-Երեւան Սուրիական Օդանաւային Ընկերութեան Առաջին Թռիչքը կայացաւ
Ութ տարուան ընդմիջումէն ետք, այսօր՝ 5 Յունիս 2020-ին, Երեւանի ՛՛Զուարթնոց՛՛ օդակայան վայրէջք կատարեց Սուրիական Օդանաւային Պետական Ընկերութեան առաջին ճամբորդատար օդանաւը, որ 150 ճամբորդ կը փոխադրէր եւ թռիչք առած էր Դամակոսի […]
Հայ Գիտնականները Վարակազերծող Սարք Ստեղծած են
Հայ գիտնականներու խումբը ստեղծած է մանրէասպան սարք, որուն առաջին խմբաքանակը տրամադրուած է բժշկական հաստատութիւններուն: Օգտագործելով ուլտրամանուշակագոյն ճառագայթներու մանրէասպան յատկութիւնը` գիտնականները ստեղծած են սարք, որ թոյլ կու տայ վարակազերծել շրջապատը: Թեթեւ, […]
Ոչ Թէ Ատրպէյճանի Ժողովուրդը, Այլ Բարձրագոյն Ղեկավարութիւնը Պատրաստ Չէ Խաղաղութեան. Հայաստանի ԱԳՆ
Որքան ալ հայերուն դէմ ատելութեան քարոզը եւ պատերազմի սպառնալիքները միտուած ըլլան ներքին լսարանին, ատրպէյճանական իշխանական տարբեր օղակներու ռազմատենչ յայտարարութիւնները լրջօրէն կը վնասեն խաղաղ գործընթացին եւ կը մատնանշեն, որ ոչ թէ […]
Արմատական Տեղաշարժեր Չկան, Բայց Լաւատեսութիւնը Կը Մնայ. Զախարովա՝ Արցախի Տագնապին Մասին
Արցախի տագնապի բանակցային գործընթացին մէջ արմատական տեղաշարժեր չկան: Այս մասին, իր շաբաթական ելոյթին ընթացքին, յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական խօսնակ Մարիա Զախարովա: «Մենք հանդէս կու գանք այդ ձգձգուող, երկարատեւ […]
«Երեւանը Խաչատրեան Կը Լսէ». Մայրաքաղաքի Տարբեր Հատուածներու Մէջ Արամ Խաչատրեանի Ստեղծագործութիւնները Պիտի Հնչեն
Արամ Խաչատրեանի ծննդեան օրուան առիթով՝ Յունիս 6-ին, Երեւանի տարբեր հատուածներու մէջ, քաղաքացիներուն կը սպասուին անակնկալներ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Armradio.am-էն։ Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանը, համագործակցելով այս ոլորտին մէջ փորձառութիւն ունեցող […]
Երեւանի Կեդրոնը Արշիլ Գորկիի Յուշատախտակը Պիտի Տեղադրուի
Աշխարհահռչակ նկարիչ, վերացական արտայայտչապաշտութեան ամերիկեան դպրոցի գլխաւոր ներկայացուցիչ Արշիլ Գորկին 1916-19թթ հայոց պատմութեան ամենաբարդ ժամանակաշրջանին կ՝ապրէր Երեւանի կեդրոնը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Armradio-էն։ Այդ տարածքը այսօր կը կոչուի Աբովեան […]










