Զինուորականներ Եւ Ազատամարտիկներ Յարգեցին Անհետ Կորսուած Ազատամարտիկներու Յիշատակը

Հայաստան

Անհետ կորսուած ազատամարտիկներու յիշատակի օրուան առիթով, Յունիս
29-ին, Եռաբլուր զինուորական պանթէոնը այցելեցին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան ներկայացուցիչներ, ազատամարտիկները միաւորող հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, անհետ կորսուած ազատամարտիկներու հարազատներ ու մարտական ընկերներ:

Այցելուները յարգանքի տուրք մատուցեցին եւ ծաղիկներ զետեղեցին անհետ կորսուած ազատամարտիկներու յիշատակին կանգնեցուած յուշակոթողին առջեւ: