Category: Հայաստան
Հայ Դատը Պաքուին Զինումը Կասեցնելու Եւ Հայաստանին Ու Արցախին Աջակցելու Կոչ Ըրաւ Քոնկրեսին
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հայ Դատի կառավարական հարցերու վարիչ Թերեզա Երիմեան Երեքշաբթի օր 2023-ի պետական ամավարկը բանաձեւող՝ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան յանձնեց Հայ Դատի ակնկալութիւնները եւ առաջնահերթութիւնները։ […]
Ազրպէյճանը Պղծած է Հադրութի Եկեղեցին. Հանուած է Խաչը, Ջնջուած է Հայկական Արձանագրութիւնը
Ապրիլ 27-ին, ազրպէյճանական իշխանամերձ լրատուական գործակալութիւնները տարածած են «Հադրութի մէջ նշած են Զատիկը» վերնագիրով նիւթեր՝ հրապարակելով նաեւ Հադրութ քաղաքի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցիէն նոր լուսանկարներ։ Այս մասին, ըստ «Ապառաժ»-ի, կը յայտնէ […]
Պաքուն Երեւանէն Ազրպէյճանի Տարածքային Ամբողջականութեան Ճանաչում Կ՝ակնկալէ. Հաճիեւ
Ազրպէյճանի նախագահի օգնական – նախագահի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան բաժինի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւը ըսած է, որ Պաքուն կ՝առաջարկէ Հարաւային Կովկասի ընդելուզուած տարբերակ։ Այս մասին, ըստ «Երկիր»-ի, կը հաղորդեն ազրպէյճանական ԶԼՄ-ները: «Ազրպէյճանը […]
Յունաստանի Բարձրագոյն Ղեկավարութեան Ուղերձները Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակին Առիթով
«Ազատ Օր» Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին առիթով, Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Քաթերինա Սաքելարոփուլու հետեւեալ ուղերձը յղեց։ «Այսօր մենք յուզումով եւ յարգանքով կ՚ոգեկոչենք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, որոնք 107 տարի առաջ անմարդկային […]
Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած «Ոգեկոչում Արուեստի Շունչով» Ձեռնարկը՝ «Նարեկացի» Կեդրոնէն Ներս
Ապրիլ 24-ին «Նարեկացի» արուեստի միութեան տան մէջ տեղի ունեցաւ «Ոգեկոչում արուեստի շունչով» ամէնամեայ ձեռնարկը, որ նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին: Միութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ ձեռնարկին […]
«Դիմադրութիւն» Շարժման Իրազեկման Երթը՝ Գարեգին Նժդեհի Հրապարակէն (նկարներ, տեսանիւթ)
Այսօր, Ապրիլ 27-ին, Գարեգին Նժդեհի հրապարակէն սկիզբ առաւ «Զարթնի՛ր, լաո» «Դիմադրութիւն» շարժման իրազեկման բազմամարդ երթը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը։ Երթէն առաջ, ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան կրկին կոչ ըրաւ […]
Միացեալ Նախաձեռնութեամբ Մը` Յունահայութեան Կառոյցները Նամակով Կը Դիմեն ՀՀ Վարչապետին
«Ազատ Օր» Արցախի հիմնահարցին վրայ ընթացող զարգացումներուն եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Ազգային ժողովէն ներս կատարած մտահոգիչ յայտարարութիւններուն լոյսին տակ, Յունահայ գաղութի կառոյցները միացեալ նախաձեռնութեամբ նամակ մը ուղարկեցին Հայաստանի վարչապետին, […]
«Դիմադրութիւն» Շարժման Իրազեկման Երթը Կը Շարունակուի Վաղը՝ Սասունցի Դաւիթ Արձանի Մօտէն
«Դիմադրութիւն» շարժման իրազեկման երթը կը շարունակուի վաղը՝ Սասունցի Դաւիթ արձանի մօտէն։ Այս մասին, ըստ «Երկիր»-ի, «Դիմադրութիւն» շարժման իրազեկման երթի աւարտին յայտարարեց ԱԺ փոխխօսնակ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթելեան: Սաղաթելեան ըսաւ, […]
«Շնորհալի» Երգչախումբը Ազգային Համերգով Վերանորոգեց Մեր Պահանջատիրական Երթը
Հայոց Ցեղասպանութեան 107 ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւնները ընդհանրապէս լիբանանահայ գաղութին մէջ սկիզբ առին Պիքֆայայի Ս. Աստուծածին Վանքի եւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ սկաուտական հսկումներով, յաջորդ օրը դարձեալ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած […]
Իրանը Հայկական Թանգարան Պիտի Բանայ Թաւրիզի Մէջ, Որպէսզի Երկրի Այցելուները Ճանչնան Հայոց Պատմութիւնը
Ըստ իրանական աղբիւրներու՝ որոշուած է Թաւրիզի մէջ ստեղծել հայկական թանգարան։ Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Թաւրիզը Իրանի՝ հայերով բնակեցուած քաղաքներէն է, որոնց մեծ մասը կը համարուին արուեստագէտներ եւ շատ լաւ […]










