Միջազգային Խորհրդաժողով Սպանիոյ Մէջ ՝ Նուիրուած Արցախի Հիմնահարցին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Մայիս 5-ին, Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով՝ նուիրուած Արցախի հիմնահարցին։ Խորհրդաժողովին ներկայ էին Քոնկրեսի պատգամաւորներ, որոնց մէջ էին Պասկերու Երկրի եւ Գաթալոնիայի ներկայացուցիչներ (Jon Iñarritu, Alberto Casero, Anton Gomez, Marta  Rosique, Mariona Ilhamona), Սպանիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սօս Աւետիսեանը, հայկական սփիւռքի ներկայացուցիչներ, սպանացի լրագրողներ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։

Խորհրդաժողովին առցանց միացած էր նաեւ Արցախի ԱԳ նախարար Դաւիթ Բաբայեանը։

Մասնակիցները քննարկեցին Արցախի, Հայաստանի եւ տարածաշրջանի մէջ տիրող իրավիճակը։

Իսկ իրաւաբաններ Էմմա Յակոբեան եւ Լեւոն Գրիգորեան պարզաբանեցին հիմնախնդրի իրաւական բաղկացուցիչները։ Դաւիթ Բաբայեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սպանիոյ Քոնկրեսի պատգամաւորներուն` Արցախին աջակցելու եւ
դատապարտելու համար 2020թ.-ին Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ միջազգային ահաբեկիչներու յարձակումները Արցախի դէմ։

Մասնակիցները համոզուած էին, որ բոլոր բնական եւ սթափ մտածող մարդիկ քաջ կը գիտակցին, որ Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ միջազգային ահաբեկիչներու յարձակումը Արցախի դէմ յարձակում է ողջ քաղաքակիրթ հանրութեան դէմ, եւ այս հարցով չէզոքութիւնն ու անտարբերութիւնը միայն կը խթանեն նոր յարձակումները քաղաքակիրթ աշխարհի դէմ։ Ընդգծեցին նաեւ Ռուսիոյ, անոր խաղաղապահներու կարեւոր դերը ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ՝ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման գործին մէջ։

Հանդիպումը հետաքրքրական եւ օգտակար էր։ Մասնակիցները յոյս յայտնեցին, որ նման ձեռնարկներու շարունական ու պարբերական բնոյթը կը նպաստեն աշխարհին Արցախի հիմնախնդիրը հասկնալի ու հասանելի դարձնելուն։ Անոնք կոչ ըրին Սպանիոյ քոնկրեսին ՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ սատարելու Արցախի ժողովուրդին ՝ լուծելու խնդիրը միջազգային չափանիշներու, ուժի չկիրառնան, մարդու հիմնարար իրաւունքներու առաջնահերթութեամբ, իսկ Արցախի խնդրի վերջնական լուծումը ՝ ՄԱԿ-ի կողմէ իրաւագիր ունեցող Մինսկի խումբի ծիրէն ներս։ Շեշտեցին, որ իւրաքանչիւր արցախցիի համար սպանական «No pasaran» կարգախօսը, ըստ էութեան, ապրելակերպ է։

Գիտաժողովը կազմակերպած էր Սպանիոյ մէջ Սփիւռքի երիտասարդ դեսպան, Գաթալոնիայի «Արարատ» հայկական միութեան նախագահ Սարգիս Յակոբեանը։