Մենք Պէտք է Տօնենք եւ Փորձենք Վերագտնել Այն Ուժի Աղբիւրը, Որ Ազատեց Շուշին. Արցախի Թեմի Առաջնորդ (լուսանկարներ)

Հայաստան

Մայիս 9-ի առիթով ձեռնարկները Արցախի մէջ մեկնարկած են ժամը 11:00-ին յայտարարուած լռութեան րոպէով՝ ի յիշատակ Մեծ հայրենականին, Արցախեան առաջին, Ապրիլեան եւ 44-օրեայ պատերազմներուն յանուն հայրենիքի զոհուածներուն: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ապառաժ»-էն։

Լռութեան րոպէէն անմիջապէս ետք (ժամը 11:01-ին) Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Յովանի Մայր Տաճարին մէջ, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Տէր Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի հանդիսապետութեամբ, կատարուած է հոգեհանգիստի կարգ` ի յիշատակ Մեծ հայրենական, Արցախեան առաջին, Ապրիլեան եւ 44-օրեայ պատերազմներուն նահատակուած հերոսներուն:

Դիմելով ներկաներուն՝ առաջնորդը անդրադարձած է Շուշիի ազատագրման գործողութեան: «Բարդ ու հակասական են մեր մտքերը, երբ կը յիշենք Շուշիի հերոսական ազատագրումը, որ իրականացուած էր այնքան վարպետօրէն եւ հրաշալի կերպով, որ ստացած էր «Հարսանիք լեռներում» անուանումը։ Եւ իսկապէս․ կարծես Հայոց Բանակը ամուսնացած էր չարի ձեռքէն ազատագրուած հարսի՝ Շուշիի հետ եւ անոնց պսակը օրհնուած էր ազատագրող քաջերու վրայ եղած Խաչի նշանով։ Բայց մի՞թէ Աստուծմով միացած զոյգը բռնի բաժնելով կարելի է մարել անոնց սէրը․ ի հարկէ ո՛չ, այդ սէրը յաւիտենական է, եւ ինչպէս Սուրբ գիրքը կ՝ըսէ․ «Աստուծոյ միացուցածը մարդիկ թող չբաժնեն»։ Յաւիտենական է մեր սէրը կորուսեալ հայրենիքի հանդէպ եւ վաղ թէ ուշ միաւորման պիտի հասնի։ Ահա այս տեսանկիւնէն՝ Մայիս 9-ը տօնելի է նաեւ իբրեւ Շուշիի ազատագրման օր, որովհետեւ ներկայ պարտութիւններն ու անյաջողութիւնները երբեք չեն կրնար ստուերել եւ ջնջել անցեալի մեր նուիրումն ու սխրանքները, աւելին՝ մենք պէտք է տօնենք եւ փորձենք վերագտնել այն ուժի աղբիւրը, որ ազատեց Շուշին»,- նշած է Տէր Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան։

Այնուհետեւ Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Յովանի Մայր Տաճարէն՝ Հայոց բանակի պահապան Աշոտ Երկաթի պատմական Սուրբ Խաչի առաջնորդութեամբ՝ մեկնարկած է խաչերթ դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր:

Խաչերթին մասնակցած են Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Տէր Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանը, ԱՀ պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը, զինուորականներ, հոգեւորականներ, երիտասարդներ: