ԼՂՀ-ի Համար Պաքուի եւ Երեւանի Ընդունած Կէտերը Երկրորդական Նշանակութիւն Ունին․ ՀՅԴ (տեսանիւթ)

Հայաստան

Հայաստանի իշխանութիւնները կը ձեւացնեն, թէ բանակցութիւններ վարած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ, եւ որ տարաձայնութիւններ չկան։ Այս մասին NEWS.am-ի թղթակիցի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Արցախի խորհրդարանի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան։

Քաղաքական գործիչը նշած է, որ Ապրիլ 14-ին Արցախի խորհրդարանի եւ արտախորհրդարանական ուժերու մակարդակով իրենք մէկ անգամ եւս հաստատած են բոլոր այն սկզբունքներն ու կէտերը, որոնք ընդունելի են ղարաբաղեան կողմին համար։

«Մնացած ամէն ինչը, այն բոլոր կէտերը, որոնք պիտի սահմանեն կամ պիտի ընդունին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի իշխանութիւնները, մեզի համար բացառապէս երկրորդական նշանակութիւն ունին»,- նշած է պատգամաւորը՝ կոչ ընելով քաղաքական մշակոյթ եւ կամք ունենալու՝ Ստեփանակերտ այցելելու եւ համապատասխան քննարկումներ իրականացնելու համար։