Համեստներու Խռովքէն Բխած Հարցման Պատասխանող Պիտի Ըլլա՞յ (Յ. Պալեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Անցնող շաբթուան ընթացքին, Մարսիլիայէն բարեկամ մը եւ Լոս Անճըլըսէն բարեկամուհի մը, հեռաձայնային խօսակցութեան մը ընթացքին նոյն պարզ հարցումը ուղղեցին. «Ի՞նչ է Հայաստանի վիճակը, ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայաստանի ապագան»: Երկու զրուցակիցներս զիրար չեն ճանչնար, իրարու չեն հանդիպած:

            Այսօր հեռուէն դիտող հայ մարդուն համար հրատապհարցը Հայաստան-Արցախն էԲռնագրաւուած Հայաստանը, որ հայրենահանուածներու հայրենիքն է, անմիջականութիւն չէ, նոյնիսկ երբ զայն կը յիշեն հրապարակագրական էջի մը վրայ կամ հանրաժռղովի մը ընթացքին:

Սփիւռքի հայը շուարումի մատնուած է, 44-օրեայ պատերազմի պարտութենէն ետք եւ անկէ ի վեր ընթացող զիջումներու նախատեսութիւններով բանակցութիւններուն պատճառով:

            Պարզ է: Հայաստանի ներքին կեանքը պառակտուած էր եւ այդպէս ալ կը մնայ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն պայքարով եւ չորս տասնեակ կուսակցութիւններով, անվերջանալի քննադատութիւններով, կրկնուող ցոյցերով, նոյնքան անվերջանալի իրաւական խախտումներով եւ դատերով: Այս բոլորին թատերաբեմն է մանաւանդ տպագիր մամուլը: Կարծէք ամէնքը ամէնքին դէմ են:

            Այս վիճակով, Հայաստան միջազգային յարաբերութիւններ կը մշակէ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Եւրոմիութեան եւ Միացեալ Նահանգներու հետ: Այսինքն, ներքնապէս պառակտուած Հայաստանը ցանցուած է հզօր պետութիւններու խաղին եւ  մրցակցութիւններուն մէջ, դերակատար ըլլալու ուժ եւ հնարաւորութիւն չունի:

            Հայաստան տարածաշրջանին մէջ,  եւ անկէ դուրս, դաշնակիցներ չունի, ինչպէս ունեցաւ եւ ունի Ուքրայինան: Իրեն հանդէպ զօրակցութիւնները երբեմն սկզբունքային են, յաճախ՝ բարոյական, կամ՝ բարեսիրական: Միջազգային «խաղընկեր» ըլլալու համար Հայաստան հանքային եւ տնտեսական հզօրութիւն չունի, իրմով հետաքրքրուած են իր աշխարհագրական դիրքին համար:

            Այս պայմաններուն մէջ Հայաստան նախ պէտք է իր ներքին միութիւնը զօրացնէ, պէտք էր որ զօրացուցած ըլլար: Այստեղէն կը սկսի Հայաստանի վիճակի բարելաւումը, միջազգային մրցակցութիւններու խաղալիք չըլլալու համար: Բայց ցարդ այդ միութիւնը բացակայեցաւ, նեղ իմաստով շահախնդրութիւններու եւ անոնց հունով բազմացած ԵՍերու պատճառով: Եւ խռովք ունեցող հեռուէն դիտող հայը հարցականներու առջեւ կը կանգնի:

44օրեայ պատերազմը եւ անոր հետեւած պարտութիւնը իշխանութիւն-ընդդիմութիւն հակամարտութեան եւ ծայրայեղականացած անհանդուրժողութեան համար electro-choc չեղաւ, չեղաւ գիտակցութեան ծնունդ տուող ցնցում, որ կրնանք ամէն բան կորսնցնել ու փուլ գալ, եւ հանգչած ու իրենց ուղին գտած երկիրներու պէս շարունակուեցան, եւ դեռ կանգ առնելու միտում չունին, բուռն պայքարները:

            Մարսիլիայի եւ Լոս Անճելըսի ազգային սրտցաւութեամբ ապրող խօսակիցներուս ես ի՞նչ պատասխան կրնամ տալ: Հարցումը պէտք է ուղղել Հայաստանի իշխանութիւն-ընդդիմութիւն խաղցողներուն: Թէեւ, եթէ մարսիլիացի եւ լոսանճելըսցի բոլոր սրտցաւ հայերը, փոխանակ «հայրենասիրական մտմտուքներ»ու մէջ թաղուելու, դառնային իրապէս բազմաթիւ,- «բազմաթիւ»ը միլիոնով պէտք է ըմբռնել,- իրենց խռովքը յայտնէին ոչ միայն բանիւ, այլ՝ գործով, երթային Հանրապետութեան դեսապանատուները եւ հիւպատոսարանները, եւ յանձնառութեամբ յայտարարէին, որ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՆԱԵՒ ԻՐԵՆՑ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է, ԱՆՈՐ ՃԱԿԱՏԱԳՐԻ ՏՆՕՐԻՆՈՒՄԸ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ Է:

            Բայց Սփիւռքը սփիւռքներ է, բազմապատիկ, յաճախ անձնականացուած: Եւ Հայաստանի իշխանութեան եւ ընդդիմութեան  ըրածի եւ ընելիքի վրայ ոչ մէկ ազդեցութիւն ունի: Սփիւռքը դիտուած է եւ կը դիտուի, ինչպէս յաճախ կրկնած եմ, որպէս կառքին հինգերորդ անիւը, ան երբեք Հայաստանի ճակատագրի տնօրինման մասնակցութեան իրաւունք չպահանջեց, միաժամանակ որպէս տէր եւ ծառայ ըլլալու համար, գոհացաւ, ինչպէս սովորութիւն է ըսել, «Ամերիկայի հարուստ հօրեղբօր» դերով, շոյուեցաւ ամպագոռգոռ անուններով ժողովներու մասնակցելով, երբեմն լամբակէն կախուած շքանշանով:

            Եւ հիմա, հաւաքաբար, շատեր կը նուագեն նոյն եղանակը. «Ի՞նչ է Հայաստանի վիճակը, ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայաստանի ապագան»:

Հայաստանի վիճակի մասին կան բազմապիտի կարծիքներ եւ գնահատումներ. յոռետեսական եւ լաւատեսական, անոնք կախում ունին դիտանկիւնններէ: Մէկ կողմէ ահազանգային է տարածքներու կորուստ-բռնագրաւումը, միւս կողմէ՝ խաղաղութեան եւ անոր հունով ըլլալիք բարօրութեան խոստումները եւ երկրի զարգացումը: Աւելի պարզ. այսօր որոշ չէ թէ տարածքներու կորուստը ե՞րբ կանգ պիտի առնէ, ի՞նչ նիւթական, քաղաքական, ազգային եւ ինքնութեան գին պիտի վճարուի խաղաղութեան եւ բարօրութեան համար:

Հայաստանի ապագայի մղձաւանջային անստուգութիւնը պատճառ չէ, որ զգացական հայրենասէր սփիւռքահայերը չշարունակեն իրենց զգացական զբօսաշրջութիւնը, երթան եւ գան, շարունակեն պարտականութիւն կատարողի բաւարարութեամբ բարեսիրական բնոյթով կրթական եւ առողջապահական նախաձեռնութիւններու մասնակցիլ, յուզուելու իրաւունքով, եւ այդքա՛ն:

Այս անհատական բնոյթով եւ կոտորակուած վերաբերումները հաւաքական կամք եւ ուժ չեն, իրաւ մասնակցութեան համար:

            Սփիւռքի դերը փաստօրէն սահմանափակ է: Ան քաղաքական ազդակ չէ: Այս կացութիւնը անփոփոխ պիտի մնայ, քանի որ Սփիւռք(ներ)ը միակամ չէ Հայաստանի ազգային-քաղաքական կեանքին մասնակցութեան հարցով, այլընտրանքային ռազմավարութիւն չունի, կ’առաջնորդուի նախասիրութիւններով, յաճախ նաեւ ջոջական բաւարարութիւններով եւ կ’ուզէ այս կամ այն քաղաքական հոսանքին զօրակցելով արեւին տակ տեղ ունենալ, յաճախ՝ անհատական:

Եթէ Սփիւռքը դադրէր յոգնակի ըլլալէ, այն ատեն կրնար իրաւ խօսակից ըլլալ, հրապարակ գալ որպէս լիիրաւ հայրենատէր, եւ գործնականօրէն իրականացնել ամբոխավարական այն հաստատումը, որ Հայաստանը համայն հայութեան հայրենիքն է, հետեւաբար նաեւ ինք տէր ու ծառայ է անոր ճակատագրին, գերանցելով այն պառակտումի տրամաբանութիւնը, որ Հայաստտանի հարցերը կը լուծուին եւ կ’որոշուին Հրազդանի ափին:

            Այս իմացական-ռազմավարական-քաղաքական իմաստութիւնը այսօ՛ր պէտք է նուաճել, որպէսզի համայն հայութեան ուժերու ներդրումով տէր ըլլանք համայն հայութեան հայրենիքին:

            Այն ատեն տէր կ’ըլլանք Հայաստանի վիճակին, Հայաստանը կ’առաջնորդենք միասնական ուժերով, միասնաբար ընդունուած առաջադրանքներով եւ յանձնառութեամբ:

            Այս կ’ըլլայ բանաստեղծի պատգամած «հաւաքական ուժը», որ երազէն կ’իջնէ ապագայակերտ իրատեսական դաշտ: Եւ չենք հարցներ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայաստանի ապագանայլ կ’ըսենք, թէ մենք իրաւ հաւաքական կամքով կը կերտենք այդ ապագան:

            Քանի դեռ ուշ չէ, միշտ կրկնելով, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), որ պէտք է գործել ոչ թէ եսի յաւելեալ իրաւունքներու համար, այլ՝ հաւաքական պարտքի, գերանցելով ներսի եւ դուրսի տեղայնական եւ աւանդական ջոջական անվաորդայն ըլլալու դատապարտուած մրցակցութիւնները:

            Եւ հարցումներ չենք ուղղեր, կ’ըլլանք Հայաստանի վիճակի պատասխանատու:

            Յիշել մեր թուագրութենէն առաջ, վեցերորդ դարու յոյն իմաստուն Եզովբոսը, որ ըսած է. «Որքան միութիւնը կը ստեղծէ ուժ, նոյնքան պառակտումը կ’առաջնորդէ պարտութեան»: Եզովբոս գիւտ չէ ըրած: Բայց պէտք է լսել զինք… եւ հասկնալ: