Հաագայի Դատարանը Հայաստանը Ճանչցած է Իբրեւ Արցախի Յուշարձաններու Սեփականատէր

Աշխարհ, Հայաստան

Հաագայի միջազգային դատարանը կայացուցած է աննախադէպ որոշում. պատմութեան մէջ առաջին անգամ կազմակերպութիւնը այլ պետութեան տարածքի մէջ յայտնուած պատմական յուշարձաններու իրաւայաջորդ եւ իրաւատէր ճանչցած է այլ երկիր մը։ Այս մասին, ըստ «Երկիր»-ի, գրած է «Միրոտւորեց» Telegram ալիքը:

Ինչո՞ւ այս որոշումը աննախադէպ ու անսպասելի է։

Հակառակ այն հանգամանքին, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը քանի մը տասնամեակ կը պայքարին Արցախի հողերուն համար, 44-օրեայ պատերազմէն ետք միջազգային հանրութիւնը ճանչցաւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը։

Բացարձակապէս միշտ՝ մինչ այս դէպքը՝ յուշարձաններու նկատմամբ կը ճանչցուէր այն երկիրներու իրաւասութիւնը, որուն տարածքին մէջ կը գտնուին անոնք։ Տխուր է, անարդար, բայց այդպէս է:

Հայկական հողերու հետ մէկտեղ, թշնամիին անցած են նաեւ մշակութային ժառանգութեան արժէքները, որ բողոքի եւ անընդունելիութեան ալիք յառաջացուցած է հանրապետութեան քաղաքացիներուն մէջ։ Հայոց պատմութեան ալպանականացման անվերջ փորձերը ընկալուած են եւ կ՝ընկալուին աւելի ցաւոտ։ Ազրպէյճանը ոչ միայն կ՝իւրացնէ յուշարձանները, այլեւ՝ բացայայտօրէն կը պղծէ զանոնք։

Այս տարուան Փետրուարին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մամլոյ դիւանը անգամ դիմեց համաշխարհային հանրութեան օգնութեան։

«Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն այս նախաձեռնութիւնը եւ զայն կը համարէ հակամարդկային եւ հակաքաղաքակրթական գործողութիւն՝ Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ մշտական թշնամութեան եւ ատելութեան ընդգծուած դրսեւորումով»,- նշած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, նաեւ՝ ընդգծած, որ Արցախի քրիստոնէական սրբավայրերու հայկական պատկանելութիւնը գիտականօրէն ապացուցուած է եւ անհերքելի, նոյնիսկ եթէ անոնք այժմ կը գտնուին Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ:

Այժմ, ըստ Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի փոխտնօրէն Րաֆֆի Քորթոշեանի, Հայաստանը իրաւունք ունի դիմելու ՄԱԿ-ի միջազգային դատարան՝ ապացուցելու իր յուշարձաններու պղծման փաստերը, եւ եթէ դրական արձագանգ չստանայ, փաստերը պիտի ներկայացնէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին։