Գանատայի Հայ Ուս. Միութիւնները Կը Պահանջեն Փաշինեանի Կառավարութեան Հրաժարականը եւ Ազգ. Միասնութեան Կառավարութեան Ձեւաւորումը

Հայաստան, Սփիւռք

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ Հայաստանի վարչապետի եւ ՀՀ կառավարութեան վերջին պաշտօնական յայտարարութեան վերաբերեալ

Ապրիլ 13-ին՝ Թուրքիոյ եու Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական ​​յարաբերութիւններու «կարգաւորման» գործընթացի մեր վերջին դատապարտումէն ուղիղ հինգ ամիս անց, Հայաստանի վարչապետը եւ անոր կառավարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ պատրաստ են ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը իբրեւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մաս։

Այս հռչակագիրէն բացի, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ելոյթի ընթացքին, Հայաստանի կառավարութիւնը ընդունեց Ազրպէյճանի այսպէս կոչուած «հինգ առաջարկներ»-ը, որոնք կը ներառեն Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումը։

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Արցախեան հակամարտութեան բանակցային գործընթացին մէջ չկրցաւ պաշտպանել հայ ժողովուրդի շահերը եւ հրահրեց պատերազմ, որ հանգեցուց Հայաստանի պարտութեան եւ կապիտուլացիայի։ Ան խոստովանեցաւ, որ կրնար կանխել պատերազմը եւ խուսափիլ հազարաւոր զոհերէ, բայց՝ չըրաւ: 2021 թուականին ան խոստացած էր երկու ամսուան ընթացքին վերադարձնել բոլոր ռազմագերիները, սակայն Ազրպէյճանը դեռ անօրինական կերպով կը պահէ հարիւրէ աւելի հայ գերիներ։

Հայաստանի կառավարութիւնը իր նախընտրական ծրագիրով խոստացած էր Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը պաշտպանել, իրագործելով Արցախի քաղաքական կարգավիճակի յստակեցման։ Կառավարութիւնը կը պնդէր, որ Արցախի ժողովուրդը չի կրնար գոյատեւել Ազրպէյճանի ենթակայութեան տակ, սակայն, վերջինս, 2022 թուականի Ապրիլին բացայայատօրէն հրաժարած է այդ իրաւունքներու եւ միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարար սկզբունքներու պաշտպանութենէն՝ ամբողջութեամբ կատարելով Պաքուի «հինգ առաջարկներ»-ը:

Նիկոլ Փաշինեանը կորսնցուցած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնելու ամբողջ օրինականութիւնը:

Հայաստանը իբրեւ պետութիւն, այլեւս զիջումներու երթալու հնարաւորութիւն չունի, եւ կառավարութիւնը պէտք է անյապաղ հրաժարական տայ:

Մենք՝ Գանատայի հայ ուսանողական միութիւններս, կը միանանք Հայաստանի ողջ հայ ուսանողական միութիւններու կոչին եւ կը պահանջենք Փաշինեանի կառավարութեան հրաժարականը եւ նոր ազգային միասնութեան կառավարութեան ձեւաւորումը։

Աշխարհի հայ ուսանողական միութիւնները ձեր կողքին են եւ կ՝աջակցին մեր Արցախի Հանրապետութեան համար այս միասնական եւ սրբազան պայքարին:

#ԶարթնիրԼաօ

Մոնթրէալի Համալսարանի Հայ Ուսանողական Միութիւն

Եորք Համալսարանի Հայ Ուսանողական Միութիւն

Գոնգորտիա Համալսարանի Հայ Ուսանողական Միութիւն

ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութիւն