Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու Պալատը Յարգանքի Տուրք Մատուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու պալատը Ապրիլ 18-ին մէկ րոպէ լռութամբ յարգած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը՝ խոստանալով պայքարիլ յանուն աշխարհի մը, ուր կը տիրեն խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը, եւ ուր անցեալի վայրագութիւնները երբեք […]

Եռակողմ Յայտարարութիւնը Ստորագրած Բոլոր Կողմերուն Համար Արցախի Ժողովուրդին Ճակատագիրը Երկրորդական Նշանակութեան Խնդիր Դարձաւ․ Արցախի ԱԺ Խմբակցութիւններ

Յայտարարութիւն ազրպէյճանի կողմէ գրաւուած Արցախի Հանրապետութեան տարածքէն ՌԴ խաղաղապահ զօրախումբի դուրսբերման գործընթացը, որ մեկնարկեց օրերս, խիստ մտահոգիչ է ամիսներ առաջ ցեղասպանութեան իրական սպառնալիքի տակ իր հայրենիքէն տեղահանուած 150 հազար արցախցիներուն […]

Չեխիոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Տարելիցին Նուիրուած Յիշատակի եւ Ոգեկոչման Ձեռնարկներ Պիտի Կազմակերպուին

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին առիթով՝ Ապրիլ 19- 27 Փրակայի երեք տարբեր թատերասրահներու մէջ պիտի ցուցադրուի բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած Իննա Սահակեանի «Աւրորայի լուսաբացը» ֆիլմը՝ անգլերէն ենթագրերով։ Ձեռնարկը, ըստorer.eu-ի, կազմակերպած է Չեխիոյ […]

2024-ի Առաջին Եռամսեակին թուրքիայէն Հայաստան Արտահանումը Կազմած է 124,000 Տոլար

թուրքիոյ առեւտուրի նախարարութիւնը եւ արտահանողներու խորհուրդը զեկոյց հրապարակած են 2024-ի առաջին եռամսեակին կատարուած արտահանման ծաւալներուն մասին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «ԳԱՆՁԱՍԱՐ»-էն։ Արձանագրուած է, որ այս տարուան առաջին եռամսեակին Թուրքիոյ […]

Հայաստանի Բռնցքամարտիկները 5 Մետալ Շահեցան Եւրոպայի Երիտասարդներու Ախոյեանութեան

Խրուաթիոյ մէջ տեղի ունեցած բռնցքամարտի Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչները 3 արծաթ մետալ, ինչպէս նաեւ 2 պրոնզ մետալ շահեցան։ Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի բռնցքամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ ծառայութիւնը: Արծաթէ մետալ […]

Արցախի Վ. Փափազեանի Անուան Դրամատիկական Թատրոնի Խումբը Հասաւ Պէյրութ

Երէկ Պէյրութի օդակայան հասաւ Արցախի Վ. Փափազեանի անուան դրամատիկական թատրոնի խումբը, որ Հինգշաբթի, 18 եւ Ուրբաթ, 19 Ապրիլին, կազմակերպութեամբ ՋԱՀ «Ջաւախք, Արցախ, Հայաստան» յանձնախումբին, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին […]

1,5 Միլիոնի Անունները Պարզելու Ցանկութիւնը Հակահայ Քայլ է, Փաշինեանը Ծունկի Եկած Ապագայ Կը Պատրաստէ Հայ Ժողովուրդի Համար․ Մուրատ Փափազեան

Անդրանիկ Քոչարեանը առանց Նիկոլ Փաշինեանի հրահանգին այդպիսի կարեւոր յայտարարութիւն չէր ըներ։ Այս մասին, Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանը` […]

«1.5 Միլիոն Հայերու Ցանկ Կազմելը թուրքերու Թէզն Է». Ցեղասպանագէտը Իշխանութեան Նոր Նախաձեռնութիւնը Վտանգաւոր Կը Նկատէ

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նպատակ ունի Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրական հիմքեր կառուցել եւ աւելի առարկայական դարձնել ցեղասպանութեան ենթարկուած հայրենակիցներու ամբողջ ցանկը։ Ըստ «ԱՍՊԱՐԷԶ»-ի՝ «Ազատութեան» եթերէն այս մասին յայտարարեց խորհրդարանի Պաշտպանութեան յանձնաժողովի […]

Ոսկեպարի Յուշարձանները

Վերջին շաբաթներու կիզակէտն է սահմանամերձ Տաւուշի մարզը, որ իր կարգին վտանգի տակ կը գտնուի։ Գիւղեր կրնան յանձնուիլ Ատրպէյճանին, ներկայ Հ․Հ․ ղեկավարութեան կողմէ։ Արցախի նման, այս շրջանն ալ հարուստ է հայրենի […]

Զօրեան Ուսումնարանը Արիզոնայի Համալսարանին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Պիտի Ներկայացնէ

Զօրեան ինստիտուտը (ուսումնարան) երկրորդ տարին ըլլալով կը մասնակցի «Ցեղասպանութեան իրազեկման շաբաթ» ձեռնարկին, որ այս տարի կ՝ընթանայ Արիզոնայի պետական համալսարանին մէջ (ASU) 2024 Ապրիլ 15-19։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Զօրեան […]