Գամիշլիահայութիւնը Իր Յարգանքի Տուրքը Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբադասուած Նահատակներու Յիշատակին

Հայաստան, Սփիւռք

Բժշկհ. Մարի Մելքոն

«Քալէ՛, հա՛յ ժողովուրդ, հրդեհից ելնողը կայծից չի վախնայ» Երեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ բարեխօսական կարգ կատարուեցաւ նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Բարձր Ճեզիրէի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհիապատիւ Տ. Անդրանիկ Սրբ. Եպս. Այվազեանի, ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, Յարաբերական Մարմինի, ազգային եւ միութենական կազմերու ներկայացուցիչներուն եւ հոծ բազմութեան, որուն յաջորդեց մոմավառութիւն եւ ջահերթ, մասնակցութեամբ ՍԵՄ-ի եւ ՍՊՄ-ի Գամիշլիի մասնաճիւղերուն, Կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտութեան:

Հսկումի գեղարուեստական յայտագիրը տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի շրջափակէն ներս, կազմակերպութեամբ ՍՊՄ-ի վարիչ եւ դաստիարակ կազմերուն։

Պատանիները ասմունքով, երգչախումբով ելոյթ ունեցան։Եւ վերջապէս «Պահպանիչ»-ով յայտագիրը հասաւ իր աւարտին։