Երբ Դատերը Կը Նոյնանան, Կամ` Երեք Գործընկերներ` Մարդկութեան Դէմ Յանցագործութեան Մէջ․ Ժագ Յակոբեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու Լիբանանի կառոյցներու ղեկավարութիւններուն միասնական որոշումով այս տարի Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչումը կը ստանայ իւրայատուկ տարողութիւն: Սփիւռքի սիրտը նկատուող լիբանանահայ գաղութը, որ ծանօթ է համահայկական հարցերուն վերաբերեալ իր հիմնական խօսքը ունենալու յատկանիշով, ազգային միասնական ոգիով որոշեց այս տարի քաղաքական, ժողովրդային եւ քարոզչական մակարդակներու վրայ նոր որակի թափ տալ հայկական պահանջատիրական պայքարի խօսոյթին եւ Հայ դատի աշխատանքներուն, նաեւ` յաւելեալ կերպով այդ պայքարին վերաբերող քարոզչութիւնը հասանելի դարձնելով լիբանանեան հասարակական կարծիքին:

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ղեկավարութիւններուն որդեգրած միասնական այս որոշումը արդէն իսկ զօրաշարժի ենթարկած է` իր յարանուանութիւններով, զանազան բնոյթի կազմակերպութիւններով, մարզական, սկաուտական, կնոջական, բարեսիրական, մշակութային միութիւններով ու հաստատութիւններով, կրթական հաստատութիւններով եւ ժողովրդային խաւերով: Բաց հրաւէր ուղղուեցաւ նաեւ հայ ժողովուրդի ու անոր դատի լիբանանցի բարեկամներուն` մեծաթիւ մասնակցութիւն բերելու ժողովրդային ջահերթին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ այս առիթին նուիրուած հաւաքներուն ու հոգեւոր արարողութիւններուն` գործնապէս իրենց զօրակցութիւնը արտայայտելու համար հայութեան պահանջատիրական պայքարին նկատմամբ, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ արդար հատուցման համար պայքարը միայն հայութեան վերաբերող հարց չէ, այլ աշխարհի տարածքին արդարութեան ձգտող իւրաքանչիւր մարդ անհատի հարցն է:

Ներազգային հարցերու շուրջ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններէն իւրաքանչիւրը կրնայ իր սեփական դիրքորոշումը ունենալ, բայց հայութեան հիմնական եւ կեդրոնական հարցին` հայկական պահանջատիրութեան վերաբերեալ բոլոր տարակարծութիւնները, մասնայատուկ դիրքորոշումները մէկ կողմ կը դրուին: Եւ շատ լաւ ու ողջունելի երեւոյթ է, որ այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան միասնական ոգիով ոգեկոչումներուն գծով մէկ քայլ առջեւ նետուած է` առաւելագոյն համակարգուած աշխատանքով լիբանանահայութեան ձայնը քարոզչական եւ քաղաքական մակարդակներու վրայ հասանելի դարձնելու լիբանանեան լրատուադաշտին:

***

Ինչո՞ւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու այս համակարգուած աշխատանքը խիստ կարեւորութիւն կը ստանայ այս տարի: Աշխարհի տարածքին ճգնաժամ է: Միջին Արեւելքի տարածքին ճգնաժամ է: Չդատապարտուած, չպատժուած ցեղասպանութիւնները, ներառեալ` Հայոց ցեղասպանութիւնը, պատճառ կ՛ըլլան ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յաւելեալ յանցագործութիւններու կրկնութեան: Այն տարածքը, ուր ասկէ 109 տարի առաջ տեղի ունեցաւ հայոց նախճիրը, նոյնպէս այսօր ականատես կը դառնայ ահաւոր արիւնահեղութիւններու:

Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի նախօրեակին Թուրքիոյ կրտսեր եղբայր Ազրպէյճանը Արցախի մէջ կրկնեց ցեղային զտումներու եւ ցեղասպանական արարքներու քաղաքականութիւնը` հասնելու համար իր քաղաքական նպատակներուն` Արցախի հայաթափումով եւ արցախահայութեան հայրենազրկումով: Էրտողանեան բռնատիրական Թուրքիան եւ ալիեւեան բռնատիրական Ազրպէյճանը ձեռք-ձեռքի տուած, կը ձգտին համաթուրանական ծրագիրներու իրագործման` չէզոքացնելով իրենց առջեւ ցցուած որեւէ խոչընդոտ: Մինչ հայութիւնը` արիւնաքամ եղած 44-օրեայ պատերազմին պարտութենէն եւ անոր յաջորդած ժամանակաշրջանի իրերայաջորդ կորուստներէն, ներազգային պառակտումէն բզքտուած` կը տուայտի նորովի ազգային օրակարգ ձեւաւորելու դժուարութիւններով…

Միւս կողմէ` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դաշնակից կեղծ գոյացութիւն Իսրայէլը, իր սիոնական ցեղապաշտական գաղափարախօսութեամբ, նոյնպէս խիստ շրջափակման կ՛ենթարկէ արաբ բարեկամ պաղեստինցի ժողովուրդը, ցեղասպանական ահաւոր արարքներ կը գործէ անոր նկատմամբ, կ՛արգիլէ մարդասիրական օժանդակութիւններու հասնիլը այդ ժողովուրդին եւ մարդկային իրաւանց կոպիտ խախտումներու կը դիմէ, եւ այս բոլորը` միջազգային խոր լռութեան պայմաններուն մէջ, յար եւ նման` 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք միջազգային հասարակութեան դրսեւորած խոր անտարբերութեան եւ լռութեան: Առաւել, վերջին քանի մը ամիսներուն Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան կալուածներէն «Կովերու պարտէզ»-ին շուրջ ծաւալած իրադարձութիւնները եւ այս գծով հրեայ վերաբնակողներու ու իսրայէլեան ոստիկանութեան սադրանքները` ձեռք դնելու հայապատկան կալուածին վրայ, ապացոյցներ են, որ Սուրբ Հողերուն մէջ հայոց եւ մեր արաբ պաղեստինցի բարեկամներուն հարցերը ներկայիս կը նոյնանան: Միեւնոյն հրեայ արիւնռուշտ վերաբնակողն է, որ կը ձգտի ձեռք դնել հայկական եւ պաղեստինապատկան կալուածներուն վրայ, միեւնոյն սիոնական վարչակարգն է, որ կը ձգտի սուրբ քաղաք Երուսաղէմի դիմագիծը փոխել:

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները, իրենց քարոզչական արշաւի ծիրին մէջ, ապրիլեան միասնական ոգեկոչումներու նախօրեակին դիպուկ շեշտադրում ըրած են առ այն, որ Թուրքիա, Ազրպէյճան եւ Իսրայէլ մետալին տարբեր կողմերը կը ներկայացնեն` իրենց արիւնալի քաղաքականութեամբ: Թուրքիան, Ազրպէյճանը եւ Իսրայէլը փաստօրէն գործընկերներ են անսուրբ դաշինքի մը մէջ` մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու առումով: