Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ Տարելիցին Առիթով Քայլարշաւ Մոմավառութիւն եւ Ծաղկեմատոյց Դամասկոսի Ապրիլեան Նահատակաց Յուշակոթողներուն Դիմաց

Հայաստան, Սփիւռք

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»

Մարի Գարակէօզեան

Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2024-ին, Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան «Ռոստոմ» մասնաճիւղի պատանիները, Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան «Դրօշակ» մասնաճիւղի ընկերները եւ ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի մասնաճիւղի քոյրերն ու եղբայրները Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը ոգեկոչելով, առաւօտուն քայլարշաւ մը սկսան ու այցելեցին Ս.Սարգիս եւ Հայ Կաթողիկէ Թագուհի Տիեզերաց եկեղեցիներու եւ Դամասկոսի գերեզմանատան մէջ գտնուող Ապրիլեան նահատակաց յուշարձանները, մոմավառութիւն կատարեցին եւ «Ա.Ահարոնեան» կեդրոնի միութիւններուն անունով ծաղկեպսակներ զետեղեցին, որպէս յարգանք մեր մէկ ու կէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակին, ապա աղօթք բարձրացուցին անոնց հոգիներուն համար։

Երիտասարդները ուխտեցին յիշել իրենց անցեալը եւ պահանջել հայ ժողովուրդին արդար իրաւունքները։