Սուրիական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը Երեւանի Մէջ Մասնակցեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ Տարելիցի Ոգեկոչումին

Աշխարհ, Հայաստան

Սուրիական խորհրդարանական պատուիրակութիւնը Երեւան ժամանեց Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցի ոգեկոչական արարողութիւններուն մասնակցելու։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԳԱՆՁԱՍԱՐ»-ը։

Պատուիրակութիւնը նախագահեց Սուրիոյ Խորհրդարանի փոխնախագահ Աքրամ Աճալանին, ներկայութեամբ սուրիական-հայաստանեան խորհրդարանական բարեկամութեան յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Լիւսի Իսկենեանի եւ Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամ Հասան Մսալլէթի։

Պատուիրակութեան անդամները Հայաստանի մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Նորա Արիսեանի ընկերակցութեամբ ուղղուեցան Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր, ուր անմար կրակին մօտ տեղի ունեցաւ ծաղիկեմատոյց՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն։

Ետքը պատուիրակութեան անդամները շրջագայեցան Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանէն ներս եւ ծանօթացան անոր բովանդակութեան։