Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Ձեռնարկ՝ Պոլսոյ Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

«ԱԿՕՍ»

23 Ապրիլի երեկոյեան, քրտամէտ DEM կուսակցութեան (նախկին HDP) Շիշլիի մասնաճիւղի Բանկալթըի կայանի մուտքին կազմակերպած Ցեղասպանութեան աւանդական յիշատակումէն ետք, նոյն թաղի «Նոսթալժի» գրախանութին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 109ամեակին ձօնուած ոգեկոչման ձեռնարկը։

Ելոյթներով հանդէս եկան պատմաբան Թաներ Աքչամ (առցանց), Բանուորներու ընկերվարական յեղափոխական (DSIP) կուսակցութեան ներկայացուցիչ Թունա Էմրեն եւ «Ակօս»ի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան։

Աքչամ ծանօթացուց «Արաս» հրատարակչատան մատենաշարէն նոր լոյս տեսած Արամ Անտոնեանի «Մեծ Ոճիր» գիրքին թրքերէն առաջին թարգմանութիւնը։ Փաստագրական տուեալներով հարուստ այս գիրքը քննարկման նոր ալիք մը կրնայ յառաջացնել ցեղասպանագիտական դաշտին վրայ։

Էմրեն եւ Էսդուգեան անդրադարձան Ցեղասպանութեան մերօրեայ դրսեւորումներուն, յատկապէս համաշխարհային հասարակութեան եւ մասնաւորաբար՝ ՄԱԿի քայլերուն անբաւարարութիւններուն։