Category: Աշխարհ
Ֆրանսախօս Երկիրներու Աւանը Մշակոյթներու եւ Քաղաքակրթութիւններու Հանդիպման Խաչմերուկ է. Աւանը Պաշտօնապէս Բացուեցաւ
Ֆրանսախօս երկիրներու աւանը մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու հանդիպման վայր եւ խաչմերուկ է: Հոկտեմբեր 9-ին, Երեւանի մէջ կայացաւ աւանի պաշտօնական բացումը: «Հիւրընկալելով ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովը՝ մեր մայրաքաղաքի հազարամեայ պատմութեան էջերը զարդարուեցան եւս մէկ բացառիկ եւ գեղեցիկ իրադարձութեամբ: ֆրանսախօս երկիրներու աւանը մէկ յարկի տակ կը միաւորէ աշխարհի 5 ցամաքամասերէն տասնեակ երկիրներ՝ իրենց մշակութային բազմազանութեամբ: ՖՄԿ-ն կը գործէ ի նպաստ խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան, անդամ երկիրներու միջեւ համագործակցութեան զօրացման: Այս ամենուն վառ ապացոյցն է «Ապրիլ եւ ստեղծել միասին» կարգախօսը եւ այս կարգախօսին ներքոյ կազմակերպուած գեղեցիկ աւանին գոյութիւնը: Անիկա խաչմերուկ եւ հանդիպման վայր է մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու համար: Անիկա, կարծես, նուէր ըլլայ մեր 2800-ամեայ մայրաքաղաքին, իր բնակիչներուն եւ զբօսաշրջիկներուն համար»,- ըստ Armenpress.am-ի՝ ըսած […]
Փրակայի Մէջ Հայերէն Ձեռագիրներու Ցուցահանդէս Բացուած է
Փրակայի Ստրահովեան նշանաւոր վանքի գրադարանի Աստուածաբանական դահլիճին մէջ, որ կը համարուի Եւրոպայի հնագոյն եւ շքեղ գրադարաններէն մէկը, Հոկտեմբեր 8-ին, տեղի ունեցած է «Հնագոյն քրիստոնեայ ազգի գանձերը. հոգեւոր արուեստը եւ երաժշտութիւնը միջնադարեան ձեռագիրներուն […]
ԱՄՆ Հայաստանին Ուղղուող Աջակցութեան Ծաւալները Կ՝աւելցնէ
ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ռիչըրտ Միլս, Հոկտեմբեր 9-ին, յայտարարեց Հայաստանին ուղղուող ԱՄՆ աջակցութեան ծաւալներու յաւելումին մասին: Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութեան տեղեկութիւններով՝ վերջերս, Միացեալ Նահանգները, քաղաքական անցման հետ կապուած հայաստանեան նախաձեռնութիւններուն […]
Ֆրանսախօս Երկիրներու Գագաթնաժողովին Ընդառաջ Հայաստանը կը Հիւրընկալէ Ֆրանսացի Գրողներ եւ Քաղաքագէտներ
Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ գագաթնաժողովին ծիրէն ներս՝ Ֆրանսայէն Հայաստան ժամանած գրողներն ու քաղաքագէտները իրենց մտահոգութիւնները արտայայտած են աշխարհաքաղաքական զարգացումներու վերաբերեալ` Հոկտեմբեր 9-ին հիւրընկալուելով Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս: «Պիտի ներկայացնեմ «Աշխարհիկութեան խորհրդաւորութիւնը» […]
ԱՄՀ-ն Զգալի Չափով Բարելաւած է ՀՀ Տնտեսական Աճի Կանխատեսումը
Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը (ԱՄՀ) բարելաւած է ՀՀ տնտեսութեան աճի 2018-ի կանխատեսումը 3.4%-էն մինչեւ 6%: Այս մասին, ըստ PanArmenian.net-ի, նշուած է ԱՄՀ համաշխարհային տնտեսութեան (Challenges to Steady Growth) Հոկտեմբեր ամսուան տեսութեան մէջ: ԱՄՀ-ն նաեւ 3.5%-4,8%-ի հասցուցած է 2019-ի ՀՆԱ […]
Սուրիոյ Նախագահը Զինուորական Ծառայութենէն Փախուստ Տուողներուն Համաներում Շնորհելու Հրամանագիր Ստորագրած է
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ Երեքշաթբի, 9 Հոկտեմբերին հրապարակեց 2018-ի -18- թուակիր օրէնսդրական հրամանագիրը, որուն համաձայն համաներում շնորհեց բոլոր անոնց, որոնք նախքան 9 Հոկտեմբեր 2018-ը, երկրէն մեկնելով կամ երկրին մէջ […]
«Ինչո՞ւ Կոմիտասի Յուշարձան Չկայ Իր Ծննդավայր Քիւթահիոյ մէջ․ Որովհետեւ Հա՞յ է․ Թուրք Լրագրող
Թրքական «Birgün» թերթի լրագրող Զաֆեր Տիփեր «Իմ համերկրացի Կոմիտասը» վերնագիրով յօդուածին մէջ անդրադարձած է մեծանուն հայ երգահան, երգիչ, երաժշտական ազգաբան, երաժշտագէտ, վարդապետ եւ ուսուցիչ, բանահաւաք, խմբավար, մանկավարժ, հայկական ազգային երաժշտական դպրոցի հիմնադիր Կոմիտասի (Սողոմոն Գէորգի Սողոմոնեան) կենսագրութեան, կը հաղորդէ “Էրմէնիհապեր”-ը: Տիփեր, 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը որակելով տեղահանութիւն, այնուամենայնիւ, կարեւոր հարց կը բարձրացնէ` «ինչո՞ւ Կոմիտասի յուշարձան չկայ իր ծննդավայր Քիւթահիոյ մէջ(Քութինա-ակունքի խմբ.)… Յօդուածին հեղինակը […]
Իմ Կեանքի Պարտքն է ` Ձեր Մասին Պատմել Թուրքերուն․ Պոլսահայ Լրագրողը` Ազնաւուրին
Պոլսահայ լրագրող Անժէլ Տիքմեն Artigercek կայքին մէջ Շառլ Ազնաւուրին հրաժեշտի յօդուած հրապարակած է: Անժել Տիքմեն իր հրապարկման սկիզբը կը յիշեցնէ, որ Ազնաւուր իր 94 տարուան կեանքի 85 տարին բեմերու վրայ […]
Ֆրանսախօս Երկիրներու Մշտական Խորհուրդի 105-րդ Նիստին Քննարկուած Են Երեւանի Հռչակագիրի Եւ Վեհաժողովի Այլ Փաստաթուղթերու Նախագիծեր
Երեւանի մէջ Հոկտեմբերին տեղի ունեցած է Ֆրանսախօս երկիրներու Մշտական խորհուրդի 105-րդ նիստը, որուն կը մասնակցէին կազմակերպութեան լիիրաւ, ընկերակից եւ դիտորդի կարգավիճակ ունեցող պետութիւններու եւ կառավարութիւններու, Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գործընկեր […]
Աստուածաշունչը Թարգմանուած է Աշխարհի Հազարերորդ Լեզուով
Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը աշխարհի հազարերորդ լեզուով տօնած են Հարաւային Սուտանի մէջ, ուր կ՛ապրի Քելիքօ ժողովուրդը: Այդ մասին յայտնած Է Сhristian Post ամերիկեան հրատարակութիւնը: «Քելիքոյի լեզուով Նոր Կտակարանի օծման արարողութիւնը տեղի ունեցած է […]










