Լիբանանի Նախագահը Նախարար Կիտանեանի Հետ Քննարկած է Կառավարութեան Մէջ Հայկական Ներկայացուցչութիւնը

Աշխարհ, Սփիւռք

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, Հոկտեմբեր 15-ին, նախագահական պալատին մէջ ընդունած է զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը, որուն հետ քննարկած է Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթն ու կառավարութեան կազմին մէջ հայութեան ներկայացուցչութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։