Զոհրապ Մնացականեան Մասնակցած է Արեւելեան Գործընկերութեան Անդամակցող Երկիրներու Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպման (տեսանիւթ)

Աշխարհ, Հայաստան

Հոկտեմբեր 15-ին, Լիւքսեմպուրկի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան մասնակցած է Արեւելեան գործընկերութեան անդամակցող երկիրներու ԱԳ նախարարներու հանդիպման, որուն մասնակցած են Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆետերիքա Մոգերինին, Եւրոպական յանձնաժողովի հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հանը, ԵՄ անդամ պետութիւններու եւ Ալգ անդամակցող պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներ:

ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան տեղեկութիւններով՝ Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս անդրադարձած է Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներուն մէջ համագործակցութեան հեռանկարներուն, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին ներքաղաքական զարգացումներուն եւ կառավարութեան ազգային զարգացման օրակարգի առաջնահերթութիւններուն: ԼՂ հիմնախնդիրի կարգաւորման առնչութեամբ՝ նախարար Մնացականեան ընդգծած է, որ Արցախի կարգավիճակը եւ անվտանգութիւնը Հայաստանի գլխաւոր առաջնահերթութիւններն են։