Կլենտէյլի Քաղաքապետական Խորհուրդը Պիտի Մեծարուի Հայ Ամերիկեան Թանգարանի Ճաշկերոյթին

Աշխարհ, Սփիւռք

Հայ-ամերիկեան թանգարան- մշակութային կեդրոնը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, Դեկտեմբեր 9ին կայանալիք իր անդրանիկ ճաշկերոյթին ընթացքին պիտի մեծարէ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը, որ թանգարանին տրամադրած էր քաղաքամէջը գտնուող բաղձալի տարածք մը գործածելու իրաւասութիւնը։

Մեծարուող քաղաքապետական խորհուրդի անդամներն են՝ Զարեհ Սինանեան (քաղաքապետ), Արա Նաճարեան, Փօլա Տիվայն, Վարդան Կարապետեան եւ Վրէժ Աղաճանեան։

Յիշեցնենք, որ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը Օգոստոսին միաձայնութեամբ վաւերացուցած էր քաղաքի Կեդրոնական զբօսավայրին մէջ թանգարանին տարածքի վարձակալութեան համաձայնագիրը, չորս տարի տեւած ծրագրումի աշխատանքին եւ թանգարանի վարչութեան եւ քաղաքապետարանին միջեւ գոյացած համագործակցութեան շնորհիւ։

«Հայ-ամերիկեան թանգարանը պիտի կառուցուի Հարաւային Քալիֆորնիոյ սիրտին մէջ գտնուող տարածքի մը վրայ, շնորհիւ Կլենտէյլի քաղաքապետարանին ցուցաբերած նեցուկին։ Անհամբեր կը սպասենք այդ արարքին համար մեր համայնքին եւ հովանաւորներուն հետ մեծարելու Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը», կը յայտնէ թանգարանին գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան։

Դեկտեմբեր 9ի ձեռնարկը ի մի կը բերէ թանագարնի ծրագիրին նուիրատուները, համակիրները, ինչպէս նաեւ պետական պաշտօնատարներ եւ համայնքային ղեկավարներ՝ տօնելու համար պատմական այս նախաձեռնութեան իրագործումները:

Թանգարանը պիտի ունենայ ամերիկահայութեան նուիրուած մնայուն հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ պարբերաբար պիտի հիւրընկալէ տարբեր մշակոյթներու եւ նիւթերու նուիրուած ցուցահանդէսներ եւ ձեռնարկներ: Թանգարանը պիտի ունենայ թատերասրահ մը, կրթական բաժին մը, արխիւներ, ճաշարան եւ վաճառատուն:

Դեկտեմբեր 9ին, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ կայանալիք ձեռնարկին ընթացքին տեղի պիտի ունենան այլ մեծարումներ, եւ անոր ներկայ պիտի ըլլան յատուկ հիւրեր, որոնց մասին տեղեկութիւններ պիտի հրապարակուին աւելի ուշ:

Մասնակցութեան տոմսեր ապահովելու կամ ձեռնարկը հովանաւորելու մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.ArmenianAmericanMuseum.org/Galaկայքէջը:

Հայ-ամերիկեան թանգարանի վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հետեւեալ կազմակերպութիւններն ու հաստատութիւնները՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարան, Հայ Մշակութային հիմնարկութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, «Նոր Օր» Բարեգործական հիմնարկութիւն, «Նոր Սերունդ» Մշակութային միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան: Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել

www.ArmenianAmericanMuseum.org կայքը: