Թուրք Դեսպանը Պատրաստ է Յանուն Ղարաբաղի Իր Կեանքը Զոհելու

Աշխարհ

Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ նախկին արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Հուլուսի Քըլըչը մասնակցած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան 100-ամեակի յիշատակին նուիրուած գիրքերու ցուցահանդէս-վաճառքին։

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ Թուրքիոյ Թոքաթ քաղաքին մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսի բացման ընթացքին՝ Քըլըչ ունեցած է ելոյթ մը, որուն ընթացքին անդրադարձած է Ղարաբաղի հիմնախնդիրին, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական փակ սահմանին։

«Հայ-թրքական սահմանը 1992-ին փակուեցաւ եւ մենք զայն փակեցինք յանուն Ատրպէյճանի։ Աշխարհի վրայ չկայ երկիր մը, որ այլ երկրի մը համար իր սահմանները փակէ եւ չբանայ։ Պատմութեան մէջ նման բան չկայ։ Այդ տեսանկիւնէն շատ գեղեցիկ օրինակ է, որ ցոյց կու տայ թէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ եղբայրական կապերը որքան ամուր են։ Ես Ատրպէյճանի մէջ մօտ 5 տարի պաշտօնավարած եմ, պետական մրցանակի արժանացած առաջին դեսպան եմ։ Այդ տեսանկիւնէն ինծի համար Ատրպէյճանը իմ երկրորդ հայրենիքն է։ Ես տեսախցիկներու առջեւ ըսած եմ, որ պատրաստ եմ զոհուելու, թէ՛ Ատրպէյճանի, թէ՛ Ղարաբաղի համար»,- ըսած է Քըլըչ։