Սեւեռելով Հայաստանի Մէջ Ընթացող «Նոր» Կամ «Յեղափոխական» Ժողովրդավարութիւնը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Պալեան

Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), քաղաքական գործիչներ եւ կազմակերպութիւններ, լուռ համախոհութեամբ, քայլ կը պահեն, կը ձեւացնեն որ կը պահեն, ցոյցերով եւ նախկին իշխանութեան մերժումի զգացական մթնոլորտի վրայ հաստատուած ընթացքի մէջ եղող ժողովրդավարութեան հետ:

Հայաստանի հայը, քաղաքացի, քաղաքական գործիչ, մտաւորական, գործարար, կուսակցութիւն, բայց նաեւ հայրենասիրական խանդավառութիւններու հակամէտ հայկական սփիւռք(ներ)ը, պարտք պէտք է համարեն անմիջականէն անդին՝ խորհիլ իրաւ եւ արդարութիւն բերող ժողովրդավարութեան մասին, որպէսզի ան տեւէ, դառնայ իսկական կառավարման համակարգ՝ անհատներէն եւ անմիջականէն անդին:

Եթէ թոյլ տրուի ըսել, պէտք է խորհիլ այն մասին, որ խանդավառութիւններ, կիրքեր եւ քուէներու մեծամասնութեան առթած գինովութիւն նոյն այդ ժողովրդավարութիւնը չառաջնորդեն իր հակառակին, կէսէն մէկ աւելին ընդդէմ կէսէն մէկ պակասին, կամ պարզապէս ընդդէմ չնչին փոքրամասնութեան կամ փոքրամասնութիւններու:

Ժողովրդավարութիւնը մեծամասնութեան մը յաղթանակը պէտք չէ ըլլայ, այլ պէտք է ըլլայ ժողովուրդի յաղթանակը: Իրաւ կամ կարծեցեալ մեծամասնութեան յաղթանակը նորատեսակ ճնշումի միջոց պէտք չէ ըլլայ, որ դիւրութեամբ կրնայ այլասերիլ խմբակային հակասութիւններու եւ հակադրութիւններու մէջ խրելով:

Ոչ մէկ կասկած, որ ժողովուրդէն է որ կը ծնի ժողովրդավարական իշխանութիւնը: Բայց պատմութիւնը բազմաթիւ վկայութիւններ ունի այն մասին, որ ընտրութեան մը արդիւնքով իշխանութեան տիրացած ղեկավարութիւնը անպայման չի ծառայեր հասարակաց շահերու, բոլոր քաղաքացիներու, ոչ իսկ իր ընտրազանգուածին: Այդ ղեկավարութիւնը կրնայ նաեւ մոռնալ ժողովուրդը, առաջնորդուիլ տեսութիւններով, կամ իշխանութեան մասնակիցներու շահերով, դիրքերու պաշտպանութեամբ:

Հայաստանի ընթացքի մէջ եղող նոր ժողովրդավարութեան նեցուկ հանդիսացող զանգուածը խանդավառած ժողովրդավարական փորձը, ինչպէս ընդհանրապէս բոլոր իրաւ ժողովրդավար իշխանութիւնները, իրապէս ժողովրդավարական կ’ըլլան, եթէ արդար ըլլան,եթէ անոնց ընկերանան իշխանութենէն անկախ հսկողութեան եւ հակակշռի կառոյցներ, ինչպէս Սահմանադրական եւ Ազգային Հաշուեքննական Ատեանները: Այսինքն, կէսէն մէկ աւելիի ընձեռած առաւելութիւնը իշխանութեան տիրացման համար, պէտք է լրացուիհսկողութեամբ, որ կը նշանակէ, թէ իշխանաւորներուն սպիտակ էջի վրայ ստորագրուած լիազօրութիւն (carte blanche) չի տար քուարկութեան մը արդիւնքը, որ կրնայ յանգիլ բացասականութիւններու, եթէ բացակայի հակակշիռը:

Ժողովուրդի մեծամասնութեան քուէն չի նշանակեր հասարակաց կամքի արտայայտութիւն: Ղեկավարութիւնները, մեծամասնութեան կամքով ընտրուած, պարտին մտածել այս մասին: Մեծամասնութիւնը կը փոխարինէ՞ ամբողջութիւնը, հարցում է, որուն ցարդ պատասխան չէ կրցած տալ ժողովրդավարութիւնը, երբ կը տեսնենք, թէ ինչպէս կը փոխուին մեծամասնութիւնները, երթալով այս կամ այն ուղղութեամբ: Աւելցնենք, որ ժողովրդավարական համարուած վարչակարգերու տակ, աստ եւ անդ, կը զարգանան եւ կը հաստատուին անհատական, ընտանեկան խմբակային աւատապետութիւններ, օրինակ, քաղաքներ կան, որոնց քաղաքապետները կամ երեսփոխանները նոյն ընտանիքի անդամներ են, սերունդէ սերունդ: Յաճախ նաեւ խմբակային շահակցութիւնները,ընտրական դաշինքները, կը զեղծեն ժողովրդավարութեան նկարագիրը որպէս այդպիսին:

Ժողովրդավարութիւնը յաջողելու եւ բարիք ըլլալու համար ըստ պահու, պահանջի եւ անմիջականի ամբոխային ճնշման կամ ամբոխի բաւարարման հրամանագրերով պիտի չառաջնորդուի, այլ օրէնքներով, անոնցմով գործող պետական վարչամեքենայով եւ արդարադատութեամբ: Քուէատուփերէն ելած մեծամասնութիւնները կը փոխուին, բայց անոնք պիտի գործեն իրենցմէ անկախ պետութիւնը պահող օրէնքներու վարչամեքենայով: Այլ խօսքով, ամբոխային ճնշումը եւ աղմուկը ոչ ժողովրդավարութիւն են եւ ոչ ալ կառավարում:

Իսկ օրէնքները եւ կառավարումը ընդհանրական նկարագիր ունին, ոչ մեծամասնական, ոչ փոքրամասնական: Անոնք այսօրուան կամ վաղուան հին կամ նոր մեծամասնութեան տատանումներուն գործիքները չեն: Ճիշդ է, որ իշխանութիւնները իրենց օրինաւորութիւնը կը ստանան քուէտուփերու վճիռէն, բայց նաեւ օրէնքներէ եւ արժէքներէ, որոնց հիմնականներն են անաչառութիւնը եւ անկողմնակալութիւնը:

Քուէտուփէն ստացուած իշխանութիւնը անմիջապէս կը դադրի, պէտք է դադրի յաղթած քուէարկողներու իշխանութիւն ըլլալէ, եւ պէտք է դառնայ երկրի իշխանութիւն, որ այս անգամ կը հպատակի օրէնքներու եւ արժէքային համակարգի: Ամէն անգամ որ փոխուի քուէատուփերէ ելած մեծամասնութիւնը, երկիրը, օրէնքները, արժէքները եւ պատմութիւնը վերատեսութեան չեն ենթարկուիր:

Երկիր մը կ’ունենայ Սահմանադրութիւն եւ օրէնքներ, աջի եւ ձախի համար:

Հայաստանի մէջ ընթացող ժողովրդավարութիւնը ինքզինք կը հակասէ, եթէ գործէմնայուն յեղափոխութեան մթնոլորտի մէջ, տեւաբար դիմելով ցոյցերու եւ հանրահաւաքներու յուզական եւ կիրքի վճիռներուն: Աւելի պարզ. երկիր չի կառավարուիր հրապարակով եւ փողոցով:

Իր անուան արժանի պետական ղեկավարութիւնը, անմիջականէն անդին, երկրի եւ ժողովուրդի վաղուան համար, ինք պէտք է ձերբազատուի յուզականի եւ կիրքի բացասականութենէնէն: Այդ է ուղին ակնկալութիւններ ունեցող զանգուածին խնայելու համար յուսախաբութիւններ:

Հայաստանի մէջ նոր ժողովրդավարութիւնը եւ անկէ բխած իշխանութիւնը կրնան յաջողիլ եթէ յարգուին զանազանութիւնները, ընկերային, տնտեսական եւ աշխարհագրական:

Պարզ ձեւով. Հայաստանը միայն երկրի ժողովուրդի մեծամասնութիւնը գոյացնող Երեւանը չէ, այլ նաեւ Վարդենիսը, Եղէգնաձորը, Քաջարանը, Իջեւանը, ուր ամէն առիթով հրապարակներու վրայ հաւաքուած ժողովուրդի կարծիքին չի դիմուիր: Ինչո՞ւ նկատի չունենալ նաեւ ազգի աւելի քան կէս սփիւռք(ներ)ը, ինչ որ արդէն այլ հարց է, որուն մասին չի խօսուիր:

Ժողովրդավարութեան յաջողութեան համար անհրաժեշտ են օրէնքները, ըմբռնումը կէսէն մէկ աւելիին եւ կէսէն մէկ պակասին, այսինքն արժէքային համակարգով ընթացող կառավարումը:

Ժողովրդավարական յաղթանակի մեծագոյն թշնամին ընդդիմութիւնը չէ, այլ՝ յուսախաբութիւնը: Ինչո՞ւ չըսել, նաեւ իշխանութեան անձնականացումը:

Հանրային կարծիքի դիմաշրջումները շատ արագ տեղի կ’ունենան: Այս ալ կը գտնուի ժողովրդավարութեան ծիներուն մէջ:

Բոլորին համար նոյն օրէնքները, զորս պէտք չէ շրջանցել, կ’երաշխաւորեն շարունականութիւնը եւ կայունութիւնը: