ազրպէյճանը Կտրուկ Բողոք Յղած է Պելճիքային եւ Նիտըրլէնտներուն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ազրպէյճանը կտրուկ բողոք յղած է Պելճիքային եւ Նիտըրլէնտներուն՝ այդ երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ ընդունուած փաստաթուղթերուն վերաբերեալ, որոնք, ըստ պաքուի, ուղղուած են երկրի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ, ինչպէս նաեւ կը վնասեն Հայաստանի հետ խաղաղ գործընթացին։

ազրպէյճանի ԱԳՆ-ի տուեալներով՝ Պելճիքայի եւ Նիտըրլէնտներու դեսպաններ՝ Ժիւլիէն տէ Ֆրեբոն եւ Մարիան տէ Եոնկ, առանձին-առանձին կանչուած են նախարարութիւն, ուր անոնց փոխանցուած է պաշտօնական բողոքը։

Հանդիպումներուն ընթացքին ազրպէյճանական կողմը նշած է, որ 2026 թուականի Ապրիլ 16-ին ընդունուած այդ փաստաթուղթերը հիմնուած են «լիովին կեղծ եւ անհիմն գնահատականներու» վրայ եւ կ՝արտացոլեն հակաազրպէյճանական կողմնակալութիւն, որ, ըստ իրենց, կը խոչընդոտէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին։

Նշենք, որ օրերս Պելճիքայի ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած էր Հայաստանին աջակցող եւ Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքը սատարող բանաձեւ: