Վերաբանաձեւուած Նախապայմանները․ «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

անթալիոյ մէջ կայացած դիւանագիտական ֆորումին ընթացքին թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ անգարան կը յուսայ, որ մօտ ժամանակներուն կը ստորագրուի խաղաղութեան պայմանագիր Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ: Անոր համաձայն, ազրպէյճանի, թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը ունի տնտեսական առաւելութիւններ: անգարայի դիւանագիտութեան ղեկավարին բառերով` «մեր տարածաշրջանի դերը Միջին միջանցքի իրականացման հարցին մէջ չափազանց կարեւոր է: Քանի որ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւնը կարեւոր է այդ միջանցքի անվտանգութեան տեսանկիւնէն: «Զանգեզուրի միջանցք»-ը շատ կարեւոր ուղի է թուրքիոյ համար: Այս հարցին շուրջ մենք նաեւ կ՛աշխատինք Եւրոպական Միութեան հետ: ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրումը կը նպաստէ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու զարգացման: Մենք շատ մօտ ենք անոր»:

Հիմա տեսնենք այս մօտեցումներուն ընդառաջ այս անգամ ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին կատարած յայտարարութիւնը. ըստ անոր, «Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հետ կապուած հիմնական հարցերը կրնան լուծուիլ յառաջիկայ ամիսներուն: Վերջերս այս ուղղութեամբ տեղի ունեցած են կարեւոր զարգացումներ: Կը կարծենք, որ Հայաստանի մէջ հանրաքուէի կայացումը, նոր Սահմանադրութեան ընդունումը, խաղաղութեան պայմանագիրի վերաբերեալ վերջնական փաստաթուղթերի ստորագրումը եւ անոնց վաւերացումը կրնան ճանապարհ հարթել»:

Ֆիտանի մօտեցումը պարզ է: Երեւան-անգարան կը շարունակէ պայմանաւորուած մնալ Երեւան-պաքուին հետ: Փաստօրէն թուրք դիւանագէտը կը խօսի երեք երկիրներու միջեւ հարցերու կարգաւորման փաթեթային դրուածքին մասին, ինչ որ անգարայի նախապայմանային քաղաքականութեան կէտերէն մէկն է:

Ապա, անգարայի ներկայացուցիչը յականէ անուանէ դարձեալ կը խօսի «Զանգեզուրի միջանցք»-ին մասին: Ինչ որ նորացուած նախապայմաններու գլխաւոր կէտն է:

Նախապայմանները կը շարունակուին այս անգամ պայրամովի ճամբով, երբ Երեւան-պաքուի կարգաւորումներուն համար կը յիշէ հանրաքուէն եւ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը: Անկէ ետք է միայն, որ ճամբան կը հարթուի դէպի խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութիւն:

Ուրեմն, երկու արտաքին գործոց նախարարներու խօսքերէն կը հետեւցուին հետեւեալ ակնկալուած իրերայաջորդ քայլերը Երեւանի կողմէ:

Ա.- Զանգեզուրի միջանցքի տրամադրում:
Բ.- Հանրաքուէի կայացում եւ Սահմանադրութեան փոփոխութիւն:

Ասոնք նորացուած նախապայմաններն են: Դասական պայմանները ամփոփուած են երկրորդին մէջ, որովհետեւ, երբ նոր Սահմանադրութեամբ Անկախութեան հռչակագիրը կորսնցնէ իր իրաւական ուժը, ապա Հայաստանի արտաքին քաղաքականութենէն դուրս կու գան`

Ա.- Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին սատար կանգնիլը,
Բ.- Արցախի միաւորման հեռանկարը,
Գ.- Համայն հայութեան իղձերու կենսագործումը,
Դ.- Պատմական արդարութեան վերականգնումը:

Ահաւասիկ դասական, նորացուած նախապայմանները թուրքեւազրպէյճանական դաշինքին: Այս նախապայմաններու բաւարարումը Երեւանի կողմէ կ՛ակնկալուի մօտ ապագային, ըստ երկու դիւանագէտներուն, որպէսզի ճամբայ հարթուի թուրքիա-ազրպէյճան-Հայաստան հարցերու կարգաւորման` իբրեւ մէկ ամբողջական թղթածրար:

Խաղաղութեան գինն ու նախապայմանները վերաբանաձեւուած են յաջորդաբար անգարայի եւ պաքուի ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Այս նախապայմաններուն չենթարկուելու կամ այս գինը չվճարելու միակ միջոցը Սահմանադրութեան փոփոխութեան հանրաքուէին ոչի ապահովումն է: