Փարիզի Մէջ Իրականացաւ «ԹՈւՄՕ» Ստեղծարար Արհեստագիտութիւններու Կեդրոնի Մասնաճիւղին Բացումը

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի պաշտօնակատար Արայիկ Յարութիւնեան պաշտօնական այցով կը գտնուի Փարիզ, ուր մասնակցած է ԹՈւՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի մասնաճիւղի բացման արարողութեան: ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան տեղեկութիւններով՝  ողջունելով մասնակիցները՝ նախարարի պաշտօնակատար Արայիկ Յարութիւնեան, մասնաւորապէս, նշած է.

«Իրականութեան մէջ շատ ուրախ եմ, որ ԹՈւՄՕ-ի մասնաճիւղ կը բացուի Եւրոպայի սրտին՝ Փարիզի մէջ: Հայաստանէն ԹՈւՄՕ-ի արտահանումը մեր լաւագոյն ցուցանիշներէն է, եւ կրթութեան ոլորտէն ներս մեր լաւագոյն արդիւնքներէն մէկը: Հայերու մօտ ծեծուած արտայայտութիւն մը կայ, որ մենք չունինք բնական պաշարներ, եւ այդ հիմնական պաշարը մարդկային ուղեղներն են: Երկար ժամանակ մենք ճանապարհներ կը փնտռէինք՝ այդ պաշարը արտահանելու համար, եւ կրթութեան ոլորտէն ներս՝ ԹՈւՄՕ-ի միջոցով հնարաւոր եղաւ ապահովել այդ ճեղքումը: Բազմիցս ըսուած է, որ Փարիզը Եւրոպայի նորաձեւութեան մայրաքաղաքն է: Նորարարութեան եւ արհեստագիտութեան ոլորտէն ներս եւս անիկա նորաձեւութեան կրողներէն եւ կեդրոններէն է, եւ մեզի համար կարեւոր է, որ ՀՀ սահմաններէն դուրս ԹՈւՄՕ-ի առաջին կեդրոններէն մէկը կը բացուի Փարիզի մէջ: Երբ 2016-ին Փարիզի քաղաքապետը խօսեցաւ ԹՈւՄՕ-ի մէջ մասնաճիւղ բանալու մասին, եւրոպական միւս կեդրոնները եւ մայրաքաղաքները եւս վարակուեցան այդ մտքով եւ փափաքեցան ունենալ իրենց ԹՈւՄՕ-ները: Ներկայիս կը նախատեսուի ԹՈւՄՕ-ի մասնաճիւղեր բանալ Մոսկուայի, Պեռլինի եւ եւրոպական այլ մայրաքաղաքներու մէջ: Վերջերս Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մարքելը այցելաց էր ԹՈւՄՕ, եւ անկէ ետք գերմանացիները եւս հետաքրքրուած են այս նախագիծով: Գիտէք, որ Հայաստանի մէջ այս տարի տեղի ունեցած է յեղափոխութիւն, որուն սկիզբը կը հաւատար 10-12 մարդ: Այս յեղափոխութիւնը եւ անոր իրականացումը լաւագոյն ապացոյցն են, որ եթէ փոքր թիւով մարդիկ կը հաւատան գաղափարին՝ ատիկա տեղի կ՝ունենայ։ Այս օրինակը բերի, որովհետեւ կրթական ոլորտէն ներս նման յեղափոխութիւն մը իրականացուցած են Փափազեան ընտանիքը եւ անոնց գործընկերները՝ Սիմոնեանները, փոքր թիւով մարդիկ, որոնք հաւատացին այդ գաղափարին եւ իրականացուցին զայն: Եւ պատահական չէ, որ ներկայիս ԹՈւՄՕ-ի ցանցը կը տարածուի ամբողջ աշխարհի վրայ»: