Հեռացող Դեսպանի Յայտարարութիւնը Կրնանք Հեռացող Հաղորդագրութիւն Համարել. Փաշինեանը՝ Միլսի ըսածներուն Մասին

Հայաստան

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան, անդրադառնալով Հայաստանի մէջ դիւանագիտական առաքելութիւնը աւարտող ԱՄՆ դեսպան Ռիչըրտ Միլսի ԼՂ հակամարտութեան վերաբերեալ յայտարարութեան, նշած է, որ «հեռացող դեսպանի յայտարարութիւնը կարելի է համարել հեռացող հաղորդագրութիւն»:

Նշենք, որ Միլսը յայտարարած էր, որ իւրաքանչիւր խնդիրի խաղաղ կարգաւորում, ինչպէս նաեւ՝ ԼՂ հիմնախնդիրի, կը պահանջէ «գրաւեալ որոշ տարածքներու վերադարձ»:

Ան ըսած է, որ Արցախի որոշ շրջաններու յանձնումը Ատրպէյճանին Մատրիտեան սկզբունքներէն մէկն է, եւ հայ ժողովուրդը, ի վերջոյ, պէտք է որոշէ, թէ որ լուծման ինքը պատրաստ է»:

Նախապէս, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները տարածած էին յայտարարութիւն մը, ուր կը նշուէր, Ղարաբաղեան հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորումը փոխզիջումներ կը պահանջէ բոլոր կողմերէն:

Սեպտեմբեր 12-ին, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ ԱԺ-ի մէջ յայտարարած էր, որ իր՝ վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու պահուն Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին մասին բանակցութիւններուն մէջ խօսք չկայ, եւ խօսքը միայն յայտնի շրջաններու՝ Պաքուի վերահկողութեան տակ անցնելու մասին է: Ասոր հակառակ, նախապէս իշխող ՀՀԿ ներկայացուցիչները, մասնաւորապէս՝ պատգամաւոր Արմէն Աշոտեանը, պնդած էր, որ բանակցութիւններու սեղանին դրուած է նաեւ ԼՂ կարգավիճակին հարցը:

Նախապէս ԵԱՀԿ ՄԽ-ն, ներառեալ՝ ԱՄՆ համանախագահները, յայտարարած են, որ բանակցութիւնները կ՝երթան թէ՛ նախկին ԼՂԻՄ դուրս շրջաններու (բացառութեամբ Լաչինի միջանցքը) Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցնելու, թէ՛ հանրաքուէի ու մինչեւ հանրաքուէն միջանկեալ կարգավիճակ ունենալու մասին։