Իրանի Մէջ Արցախի Վերաբերեալ Հակահայ Համաժողովը Ձախողութեան Մատնուած է

Աշխարհ, Հայաստան

Իրանի մէջ, Հոկտեմբեր 13-ին, նախատեսուած «Ղարաբաղը իսլամական տարածք է» խորագիրով հակահայկական համաժողովը տեղի չէ ունեցած՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի համատեղ ջանքերուն շնորհիւ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ա1+»-ը:

Հայկական կողմը իր մտահոգութիւնները փոխանցած է Թեհրանին, որմէ ետք ձեռնարկը չեղեալ համարուած է:

Համաժողովին պիտի մասնակցէին շարք մը երկիրներու, ներառեալ՝ Ռուսիոյ, Վրաստանի եւ Լիբանանի ծայրայեղ կրօնական կազմակերպութիւններէ ներկայացուցիչներ՝ նպատակ ունենալով իսլամական աշխարհը համախմբել «Ղարաբաղի ազատագրման» գաղափարին շուրջ։