Արցախի Պետական Նախարարը Հանդիպած է «ԱՌԻ» Ընկերութեան Բաժնետէրերուն Հետ

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, Հոկտեմբեր 15-ին, ընդունած է «Արցախ ռութս ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) ներդրումային ընկերութեան խումբ մը բաժնետէրեր: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի կառավարութեան կայքը:

Ողջունելով հիւրերը` պետական նախարարը բարձր գնահատած է «ԱՌԻ» ընկերութեան դերը Արցախի վերաբնակեցման քաղաքականութեան աջակցութեան հարցին մէջ` ընդգծելով գիւղատնտեսութեան եւ բնակարանաշինութեան մարզերուն մէջ իրականացուող ծրագիրները: Գ. Մարտիրոսեանի համաձայն, ծրագիրներու  ընդլայնման վերաբերեալ առկայ պայմանաւորուածութիւններու  շրջագիծին մէջ նախապատրաստական աշխատանքները աւարտական փուլին մէջ են, եւ շուտով հոգաբարձուներու խորհուրդին պիտի ներկայացուին Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ բնակավայրի 20 եւ Քարվաճառ քաղաքի 50 բնակարաններու կառուցման նախագիծի հաշուական փաստաթուղթերը:

Առաջարկուող ծրագիրներուն վերաբերեալ քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան սահիկներու միջոցով ներկաներուն  ներկայացուց նախարարութեան կողմէ կատարուած աշխատանքները` նշելով, որ յառաջիկայ մէկ ամսուան ընթացքին անոնք վերջնական տեսքի պիտի բերուին:

«ԱՌԻ» ընկերութեան հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Վահան Գասարճեան, գոհունակութիւն յայտնելով Արցախի կառավարութեան հետ ձեւաւորուած համագործակցութենէն, նշած է, որ տարուէ-տարի ծրագիրին մասնակցողներու թիւը կ՛աճի: Անդրադառնալով Քարվաճառի մէջ իրականացուելիք բնակարանաշինութեան` Վ. Գասարճեան նշած է, որ քանի անիկա կեանքի պիտի կոչուի աւստրալահայութեան միջոցներով, առաջարկ կայ թաղամասը «Սիտնի» անուանելու:

Գաղափարը ողջունած է պետական նախարարը, եւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է յառաջիկայ ամիսներուն սկսիլ շինարարական աշխատանքներուն: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են նաեւ տրամադրուող գումարներու տոկոսային բաժանումներու վերանայման, նոր ներդրողներու ներգրաւման նպատակով պետութեան կողմէ  պարտատոմսերու հրապարակման, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման հետ կապուած հարցեր:

Հանդիպումին կը մասնակցէին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Արա Յարութիւնեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: